ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 30ի երեկոյեան Լոս Անճելըս վերադարձաւ Հայաստանէն, ուր ան Սեպտեմբեր 24էն 27ին մասնակցած էր Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովին։ Ինչպէս ծանօթ է, դարերէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կայացած այս ժողովը տեղի ունեցաւ զոյգ հայրապետներուն՝ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներու հրաւէրով, օրհնութեամբ ու նախագահութեամբ։
Եպիսկոպոսաց ժողովին մասնակցեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եպիսկոպոսաց դասու 62 անդամներ։ Օրակարգը կազմուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման, մեր եկեղեցւոյ կրօնական-ծիսական եւ ազգային հարցերով ու մարտահրաւէրներով։ Ժողովը հասաւ երեք հիմնական որոշումներու, իսկ այլ հարցերու քննարկումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ ժողովին, 2014ի աշնան։
Եպիսկոպոսաց ժողովը որդեգրեց Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման սկզբունքը, որ պիտի կիրարկուի մինչեւ 2015. պիտի մշակուի սրբադասումի կանոնն ու արարողակարգը։ Այս մասին զեկուցում ներկայացուցած էր զոյգ կաթողիկոսութեանց ներկայացուցիչներէն բաղկացած Սրբադասման յանձնախումբը։ Նշենք, որ Արեւմտեան թեմի առաջնորդը մաս կը կազմէ այս յանձնախումբին եւ յանձն առած է արարողակարգը պատրաստելու պարտականութիւնը։
Ժողովը որդեգրեց նաեւ Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներուն կանոնն ու նախամկրտական ուսուցողական ձեռնարկը, որոնք մշակուած էին զոյգ կաթողիկոսութեանց ներկայացուցիչներէն կազմուած Ծիսական յանձնախումբին կողմէ։
Ժողովէն բխած երրորդ որոշումն էր՝ վեհափառ հայրապետներուն քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, հաստատումը յատուկ հիմնադրամի մը, որուն միջոցով օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի Արցախի, Հայաստանի եւ Սուրիոյ հայութեան։ Հիմնադրամին գումարն է 2 միլիոն տոլար։ Այս նպատակով կազմուած յանձնախումբին անդամ նշանակուած է նաեւ առաջնորդը։
Օրակարգի վրայ էին մեր եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող մարտահրաւէրներ, որոնց քննարկումը, ինչպէս նշեցինք, պիտի շարունակուի յաջորդ ժողովին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.