
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձական կազմը կը տեղեկացնեն, թէ վարժարանի տարեկան 33րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին վարժարանի իրագործումներն ու յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ապագայի ծրագիրները: Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն է Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեանը. ներկաները նաեւ պիտի վայելեն «Էլեմընթ» նուագախումբին մատուցած երգերը:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (415) 586-8686 թիւին եւ development@kzv.org հասցէին, կամ այցելել www.kzv.org/events/kzv-annual-banquet կայքէջը: