ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Էյ.Փի.».- Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4ին պահանջեց Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ հինգ միլիոն տոլար վնասուց հատուցում վճարեն երկու յոյն քաղաքիցիներու, որովհետեւ անոնք չեն կրցած ստանալ ազգականի մը կողմէ Պոլսոյ մէջ իրենց ժառանգուած երեք կալուածները:
Յունաստանի երկու քաղաքացիները այս դատը բացած էին 2002ին:
Թուրքիա իր պաշտպանութեան մէջ պնդած էր, թէ յոյներուն ժառանգ ձգուած կալուածները չյանձնելու որոշումը հիմնուած էր այն համոզումին վրայ, թէ Յունաստանի մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներ ժառանգական նման իրաւունքներ չունին, սակայն եւրոպական ատեանը անհիմն գտած էր այդ պնդումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.