ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Աշխարհի մեծագոյն աճուրդի տուներէն մէկը հանդիսացող «Հերիթէյճ Աքշընզ»ը յառաջիկայ Հոկտեմբեր 17ին վաճառքի պիտի հանէ հայկական եզակի ձեռագիր մատեաններ ու այլ հատորներ: Մինչեւ աճուրդին օրը, անոր կարելի է մասնակցիլ համացանցի միջոցաւ (www.ha.com):
Ձեռագիրներէն մէկը մագաղաթի վրայ մանրանկարչութեամբ զարդարուն 1659ի Աւետարան մըն է (637 էջ), ընդօրինակուած Գանձակի Գրիգոր վարդապետի կողմէ. Աւետարանին վերջնական արժէքը, աճուրդի կազմակերպիչներուն կարծիքով, կրնայ մինչեւ 25 հազար տոլարի հասնիլ:
Միւս ձեռագիրը 16րդ դարուն (1584) ընդօրինակուած 571 էջնոց Աւետարան մըն է՝ կազմուած Յովհաննէս վարդապետի կողմէ։ Աւետարանի էջերէն 15ը զարդարուած են Ներսէս անուն հոգեւորականի մը մանրանկարներով։ Աճուրդի տան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ աշխատանքը կատարուած է Բարձր Հայքի Խնդրակատար Ս. Աստուածածին վանքերէն մէկուն մէջ։ Այս աւետարանի սկզբնական գինը աւելի քան 20 հազար տոլար է։
Այլ ձեռագիր մը գրուած է «բոլորագիր» տառատեսակով ու հաւանական է, որ անիկա գրուած ըլլայ Բարսեղ անունով գրիչի մը կողմէ։ Թուագրուած է 13-16րդ դարերու թուականներով։ Այս մէկը եւս կը գնահատուի աւելի քան 20 հազար տոլարով։
Նշեալ երեքին պարագային, աճուրդին մասնակցելու նուազագոյն գումարը, Հոկտեմբեր 4ի տուեալներով՝ 5000-6250 տոլարի միջեւ է:
Աճուրդի դրուած է նաեւ Ամսթերտամի մէջ 1714-1715ին տպուած 838 էջնոց «Գիրք Սաղմոսաց» հատորէն օրինակ մը (838 էջ), «Խորհրդատետր Պատարագին Հայոց» (1677) հատորէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ՝ «Ժամագիրք» մը (մօտաւորապէս 1837) եւ Յովսէփ Էմինի կողմէ անգլերէնով գրուած ինքնակենսագրական գործէն օրինակ մը, որ Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած էր 1792ին (640 էջ):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.