
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մանասի պարագային, դժուարութիւն կ՛ունենանք իր «տուած»ը, նուիրածը բնութագրելու:
Ամէն անգամ, երբ այս մարդը գումար կը փոխանցէ «Ասպարէզ»ին կամ որեւէ այլ ազգային կառոյցի, կազմակերպութեան, եւ մենք այդ յատկացումի, նուիրատուութեան լուրը թերթով հրապարակենք, յաջորդ օրը կը ստանանք յանդիմանական հեռաձայնը:
«Ես հազար անգամ ըսած եմ ձեզ, որ նուէր կամ յատկացում չէ ըրածս, այլ՝ ներդրում, ներդրում, ներդրում». բարկութեան շեշտը աւելի եւ աւելի զգալի կը դառնայ հերթական նոր նուիրատուութեան պարագային:
Դարձեալ պիտի մեղանչենք ու վաղը սիրով պիտի սպասենք Մանասի յանդիմանող հեռաձայնին, որովհետեւ ահա կը տեղեկացնենք, որ Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեանները «Ասպարէզ»ի 105ամեակին առթիւ իրենց կատարած 15,000 տոլարի «նուիրատուութեան» վրայ կ՛աւելցնեն, կը նուիրեն հինգ հազար տոլար եւս:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը որոշեց «Ասպարէզ»ի 1918ի արխիւի թուայնացման հովանաւորութիւնը արձանագրել Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեաններու անունով: Մենք գիտենք, որ անկախ Հայաստանի հզօրացումը եղած է ու կը մնայ Մանասի հասարակական գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնը: