ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ամե-րիկահայ բարերար Էլվիս Մադաթեանն ու գիւմրեցի, ներկայիս Միացեալ Նահանգներ բնակող երգիչ-երգահան Արթուր Մադոյեանը օգնութիւն տրամադրած են Գիւմրիի հոգեկան առողջութեան կեդրոնին:
«Շիրակ» կեդրոնէն յայտնած են, որ «Շիրակ»ի աշխատակիցները այցելած են առողջապահական այդ հաստատութիւնը եւ տնօրէն Նադեա Վարդանեանին յանձնած են ամերիկահայ բարերարներուն օգնութիւնը՝ հագուստ, կօշիկ, անկողինի ծածկոցներ եւ բժշկական անձնակազմի համար նախատեսուած համազգեստներ:
Նոյնանման օգնութիւն տրամադրուած է նաեւ Գիւմրիի «Անի» մանկուց հաշմանդամ երեխաներու հասարակական կազմակերպութեան:
Նշենք, որ ամիսներ առաջ «Շիրակ» կեդրոնը տեսանիւթ պատրաստած էր Գիւմրիի հոգեկան առողջութեան կեդրոնին մէջ առկայ խնդիրներուն մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.