ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 3 Հոկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց համաներում յայտարարելու մասին նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկը։ Նիստին ներկայ 106 պատգամաւորներէն 102ը թեր քուէարկեցին:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան հիմնական զեկուցող, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանին փոխանցեց, որ իրենք կ՛ակնկալեն համաներման գործընթացի իրականացման թափանցիկութիւն:
Համաներումը պիտի գործադրուի մինչեւ 31 Դեկտեմբեր: Ըստ նախնական նախատեսութիւններուն, մօտ 100-500 անձ անմիջապէս ազատ պիտի արձակուի:
Հայաստանի արդարադարութեան նախարարը դիտել տուաւ, որ համաներման որոշումը պիտի վերաբերի նաեւ Աֆղանիստանի պատերազմին մասնակից դատապարտեալներուն: «Հաշուի առնելով պատգամաւորների առաջարկները՝ որոշուեց Հայրենական պատերազմի վետերանների եւ Արցախեան ազատամարտի մասնակիցների հետ համաներման ակտում ներգրաւել նաեւ Աֆղանստանի պատերազմի մասնակից դատապարտեալներին», նշեց Հրայր Թովմասեան:
Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ սեռական բնոյթի յանցագործութիւններուն մասին քրէական օրէնսգիրքի 138 եւ 139 յօդուածներուն որոշ մասեր դուրս մնացած են շարքէն այն յանցագործութիւններուն, որոնց չի վերաբերիր համաներումը: «Մենք արդէն փոփոխութիւններ ենք կատարել եւ արդէն այդ երկու յօդուածներն ամբողջութեամբ ներառուած են այն յանցագործութիւնների շարքում, որոնց վրայ համաներում չի տարածուելու», բացատրեց ան:
Հրայր Թովմասեան դիտել տուաւ, որ արգելուած յանցագործութիւններու մէջ ներառուած է նաեւ պոռնկագրական նիւթերու ապօրինի տարածումը: «Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանին այդ առաջարկի համար, որը մենք միանշանակ հաշուի առանք եւ յանցագործութեան այս տեսակը եւս ներգրաւեցինք արգելուածների շարքում», նշեց ան:
Անդրադառնալով համաներման գործընթացին վրայ պատշաճ վերահսկողութիւն սահմանելու մասին բազմաթիւ առաջարկներուն՝ Հրայր Թովմասեան յայտնեց, որ պիտի փորձեն կարելի ամէն բան ընել, որպէսզի ձեւաւորուող աշխատանքային խումբերուն մէջ ըլլան նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ: «Թէեւ կանոնակարգում այդ մասին որոշում չկայ ընդունուած, սակայն ես խոստանում եմ, որ մենք պատշաճ կերպով վերահսկողութիւն կը սահմանենք համաներման գործընթացի վրայ՝ դրա մասին անհրաժեշտ ամբողջ տեղեկատուութիւնը ներկայացնելով Ազգային ժողովին», յայտնեց Թովմասեան:
Արդարադատութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց քննարկումներուն համար՝ խոստանալով ապահովել գործընթացի իրականացման թափանցիկութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.