Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբերին, «Պիէլ»ի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Պէյրութ Արթ ֆեր» միջազգային ցուցահանդէսին, որ կը վայելէ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատարի հովանաւորութիւնը: Ցուցահանդէսը կը համախմբէր Լիբանանէն, Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն մօտաւորապէս 50 ցուցասրահներ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներու գործեր:
Այս առիթով, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը ներկայացուց հայրենի արուեստագէտներ Գագիկ Ղազանչեանի եւ Կակոյի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ արուեստագէտներ Միսաք Թերզեանի եւ Միրէյ Կոկիկեանի գործերը:
Համազգայինի տաղաւարը այցելեցին քաղաքական, պետական անձնաւորութիւններ, մշակոյթի գործիչներ, ինչպէս նաեւ տեղացի եւ հայ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը: Այցելուներու շարքին էին Լիբանանի մշակոյթի եւ տեղեկատուութեան նախարարներու պաշտօնակատարները, օտար դիւանագիտական եւ լիբանանցի պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ թերթերու խմբագիրներ: Բոլորն ալ գնահատանքով արտայայտուեցան Համազգայինի տաղաւարին մէջ ընդգրկուած արուեստագէտներու գործերուն մասին եւ յաջողութիւն մաղթեցին ցուցասրահի գործունէութեան:
«Վստահաբար այս նախաձեռնութիւնը հայ մշակոյթը եւ անոր՝ այս պարագային գեղանկարչական մարզը օտարին ներկայացնելու կարեւոր առիթ մը վերածուելու բոլոր տուեալները ունի: Այս հանգամանքէն մեկնած՝ ցուցասրահի տնօրէնութիւնը եւ վարչութիւնը որոշած են այսպիսի միջազգային նախաձեռնութիւններու իրենց մասնակցութիւնը բերել հետեւողականօրէն», կը գրէ «Ազդակ»:
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ 22 Սեպտեմբեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.