
Ժամանակակից արուեստներու նուիրուած Թեսա-ղոնիկէի 4րդ «Պիէնալ»ը տեղի կ՛ունենայ 18 Սեպտեմբերէն 31 Յունուար 2014:
Արուեստի աշխարհի 50 լաւագոյն անունները համախմբող կարեւոր այս ձեռնարկի պատասխանատուն ու համադրողն է զուիցերիահայ Ատելինա ֆոն Ֆիրսթենպերկը, որ յարգանք կը վայելէ Յունաստանի արուեստի աշխարհէն ներս:
«Թօ Վիմա» թերթին շնորհած իր հարցազրոյցին ընթացքին ան կ՛անդրադառնայ իր հայկական արմատներուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հետ իր բոլոր առընչութիւններուն:
«Հայ եմ սիրելիներս», կը շեշտէ ան՝ աւելցնելով. «Պոլիս ծնած հայուհի մըն եմ: Սա՛ է մշակոյթս, օտար չեմ: Հինէն կապուած եմ Յունաստանի՝ թէ՛ երկիրին եւ թէ մարդոց: Հեռուէն չեմ դիտեր այս երկիրին մէջ պատահած անցուդարձները, որովհետեւ անքակտելի մէկ մասը կը կազմեմ ես ալ այս ընկերութեան հակառակ անոր, որ հոս չեմ ապրիր»:
Ատելինա ֆոն Ֆիրսթենպերկ Զուիցերիոյ քաղաքացի է: Անկախ աշխատող է ան, որուն հոգատարութեան յանձնուած է սոյն տարուան Թեսաղոնիկէի «Պիէնալ»ը:
Ատելինա ֆոն Ֆիրսթենպերկ զուգահեռաբար կը զբաղի ժապաւէններու արտադրութեամբ (մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ կապուած նիւթերով), ինչպէս նաեւ նախագահն է «Արթ ֆոր տը Ուըրլտ» (Art for the World) հաստատութեան: Ան ուսած է քաղաքագիտութիւն ճիւղը, բայց ուսումնական իր տարիներէն արդէն արուեստի մարզէն ներս ներգրաւուած է, ղեկավարելով Կրընոպլի արուեստից դպրոցը: Գործակցութիւններ ունեցած է ՄԱԿի եւ տարբեր հաստատութիւններու հետ եւ իր աշխատանքին համար պարգեւատրուած է Վենետիկի 45րդ «Պիէնալ»ին կողմէ: