
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Այս տարի կ՛ամբողջանայ նշանաւոր ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի ծննդեան 105ամեակը: Ան հեղինակն է արժէքաւոր եւ հոյակապ ճարտարապետական կոթողներու, օրինակ՝ Չարենցի կամարը, Յաղթանակի զբօսայգիի մուտքի յաղթակամարը, Յաղթանակի յուշարձան-թանգարանը, Մուսա Լերան հերոսական ճակատամարտի յուշարձանը, իսկ անոր գլուխ գործոցը Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրն է:
Սարդարապատի մէջ ալ նշուեցաւ անոր ծննդեան 105ամեակը՝ Իսրայէլեանի հարազատներուն եւ ընկերներուն ներկայութեամբ։
Այս առիթով խօսք առնողները հաստատեցին, որ մեծ ճարտարապետը պարզ էր իր ապրելակերպով, ուշադրութիւն կը գրաւէր իր համեստութեամբ, բայց կրնար զրուցել քարին հետ, կենդանութիւն տալ անոր։
Իսրայէլեան ծնած է 17 Սեպտեմբեր 1908ին, Թիֆլիս: 1926-1928 ուսանած է Վրաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի ճարտարապետութեան բաժանմունքին մէջ:
Նշանաւոր ճարտարապետ æիմ Թորոսեանը մեծ պատկառանքով կը խօսի իր ուսուցիչին մասին. «Մեծագոյն մարդ, ով ստեղծեց մնայուն արժէքներ»:
Ճարտարապետ æէյմզ Աւետիսեան եւս իր վկայութիւնը տալով Իսրայէլեանի մասին՝ յայտնեց, որ ան իր էութեամբ, նոյնիսկ արտաքինով ժողովուրդին մարդն էր։ «Քարի վարպետ էր, քարը շատ լաւ էր զգում, նրա ճարտարապետութիւնը քարի երաժշտութիւնն է», հաստատեց ան։
Ճարտարապետ Դաւիթ Գերթմենչեանի համաձայն, Սարդարապատի թանգարանային մասը յատկապէս զարդատուփ մըն է ինքնին, որովհետեւ անիկա կոչուած է ըլլալու ազգագրական գանձերու կեդրոն, ուր ամփոփուած են մեր պատմութեան ամէնէն փառաւոր էջերուն վերաբերող ժառանգութեան նմոյշներ։ Ան դիտել տուաւ, որ Իսրայէլեանի գործերուն մէջ տիրական է հայրենականութիւնը։
Շեշտուեցաւ, որ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի վերջին տարիներու ամէնէն նշանաւոր աշխատանքը Սարդարապատի յուշահամալիրն է, որ ճարտարապետական կոթող ըլլալէ բացի, կը ներկայացնէ մեր պատմութիւնը՝ իր հերոսական դրուագներով: