
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Օգոստոսին գերի ինկած Յակոբ Ինջիղուլեան, որ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուի, փափաք յայտնած է երրորդ երկիր երթալու։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնախումբի քարտուղար Շահին Սաիլովը։
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 18 Սեպտեմբերին Յակոբ Ինջիղուլեանի մասին խօսելով՝ յայտնած էր. «Ադրբեջանում գերութեան մէջ գտնուող հայ զինծառայող Յակոբ Ինջիղուլեանի Հայաստան վերադարձնելու գործընթացի հիմնական խոչընդոտը Ադրբեջանի հետ պետական կապի բացակայութիւնն է։ Քանի որ պետական կապը բացակայում է, մեր զինծառայողին հայրենիք վերադարձնելու գործընթացը իրականացւում է միջազգային կազմակերպութիւնների հետ համագործակցութեան եղանակով: Միջազգային կազմակերպութիւնները մինչ այս պահը կատարում են իրենց պարտականութիւնները, իսկ գործընթացի դանդաղելը կապուած էր նրա հետ, որ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան Բաքուի գրասենեակի աշխատակիցները երկար ժամանակ չէին կարողանում հանդիպել Ինջիղուլեանի հետ»։ Նախարարը ընդգծած է, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի զինուորը հայրենիք վերադարձնելու համար, սակայն տակաւին յստակ ոչինչ կարելի է ըսել։
Սէյրան Օհանեան անգամ մը եւս վստահեցուցած է, որ Յակոբ Ինջիղուլեանի նկատմամբ իրաւական հետապնդում պիտի չըլլայ: «Մենք մինչեւ այսօր էլ չգիտենք, թէ ինչպիսի ճնշումների տակ է նա, բայց մօտաւոր պատկերացնում ենք, թէ ինչ ճնշումներ կարող են լինել ադրբեջանական կողմից», նշած է նախարարը:
Ան յայտնած է, որ ատրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանէն կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին Յակոբ Ինջիղուլեան ճնշման տակ էր եւ այդ պատճառով ժխտական արտայայտութիւններ ունեցած էր բանակին մասին: Նախարարը յիշեցուցած է, որ Ինջիղուլեանի ծնողները պնդած են, որ իրենց որդին երբեք չէ դժգոհած հայկական բանակէն եւ միշտ գոհ եղած է հրամանատարական անձնակազմէն: