
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ Էրիք Նազարեանի «Պոլիս» ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
Անգլերէն, թրքերէն ու հայերէն լեզուներով 20 վայրկեաննոց ֆիլմը պիտի ներկայացնէ անձամբ Նազարեան: Ֆիլմը, որ ցուցադրուած է շարք մը փառատօներու ընթացքին եւ շահած «Արփա» փառատօնի կարճ ֆիլմերու մրցանակը (2011ին), պատմութիւնն է հայ երաժիշտի մը, որ Սփիւռքէն Պոլիս կը մեկնի՝ գտնելու համար իր մեծ հօր ուտի խանութը:
Ձեռնարկը, որուն մուտքը ազատ է, Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին հովանաւորութիւնը կը վայելէ:
Բեմագիր, բեմադրիչ ու լուսանկարիչ Էրիք Նազարեանի առաջին լիաժամ ֆիլմն էր «The Blue Hour»ը, որ վեց միջազգային մրցանակներու արժանացաւ: Ան նաեւ ստացած է «Օսքար»ները շնորհող Շարժապատկերներու արուեստի եւ գիտութեանց ակադեմիոյ հեղինակաւոր «Նիքոլ» մրցանակը, որ կը շնորհուի բեմագիրներու:
Ներկայիս, ան ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Քրիս Պոհճալեանի «The Sandcastle Girls» վէպը շարժապատկերի վերածելու աշխատանքին վրայ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: