ԵՐԵՒԱՆ.– Ըստ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցած Հայաստանի 2014ի պետական պիւտճէի նախագիծին մեծցուած ցուցանիշներու նախնական տարբերակին՝ ծախսերը 2014ին պիտի կազմեն 1 եռիլիոն 272 միլիառ դրամ, եկամուտները՝ 1 եռիլիոն 145 միլիառ դրամ: Իսկ Համախառն ներքին աճի ծաւալը պիտի կազմէ 4 եռիլիոն 723 միլիառ դրամ:
Ծախսերէն 5 միլիառ 188 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան, 7 միլիառ 612 միլիոն՝ փոխադրութեան ու կապի նախարարութեանը, 1 միլիառ 406 միլիոն դրամ՝ ելեւմուտքի նախարարութեանը, որուն մէջ փոքրումիջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման՝ 152 միլիոն 380 հազար դրամ: Զբօսաշրջութեան ոլորտին պիտի յատկացուի 75 միլիոն դրամ, արհեստագիտութեան ոլորտին՝ 80 միլիոն դրամ, Հայաստանի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամին՝ 260 միլիոն դրամ:
Ընկերային-մշակութային նախաձեռնութիւններու ֆինանսաւորման ծիրին մէջ կրթութեան պիտի յատկացուի 113 միլիառ 138 միլիոն դրամ, մշակոյթին՝ 12 միլիառ 550 միլիոն դրամ, երիտասարդական ծրագիրներուն՝ 613 միլիոն 801 հազար դրամ, մարմնակրթութեան՝ 1 միլիառ 622 միլիոն դրամ: Գիտութեան աջակցութեան եւ զարգացման նպատակով պիտի յատկացուի 12 միլիառ 662 միլիոն դրամ, կրթութեան ոլորտին մէջ դրամագլուխի ծախսերուն համար՝ 6 միլիառ 562 միլիոն դրամ:
Ընկերային ապահովութեան ոլորտին պիտի յատկացուի 346 միլիառ 923 միլիոն դրամ, որուն կարգին ընտանեկան նպաստներու բաժինով՝ 37 միլիառ 124 միլիոն դրամ, զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն նպաստներուն՝ 154 միլիոն 800 հազար դրամ, երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստին՝ 8 միլիառ 564 միլիոն դրամ, ընկերային կենսաթոշակներուն՝ 10 միլիառ 937 միլիոն դրամ, աշխատանքային կենսաթոշակներուն՝ 202 միլիառ 464 միլիոն դրամ: Ընդ որում 4 միլիառ դրամ պիտի յատկացուի կենսաթոշակները 20 տոկոսով բարձրացնելու համար:
Բնապահպանութեան նախարարութեան 2014 թուականին նախատեսուած է յատկացնել 1 միլիառ 216 միլիոն դրամ: Ուժանիւթի ու բնական պաշարներու նախարարութեան՝ 55 միլիոն 499 հազար դրամ, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան՝ 939 միլիոն 743 հազար դրամ, քաղաքաշինութեան նախարարութեան՝ 250 միլիոն դրամ:
Ուժային կառոյցներու ծախսերը պիտի կազմեն 229 միլիառ 219 միլիոն դրամ, պաշտպանութեան նախարարութեան պիտի յատկացուի 160 միլիառ 976 միլիոն դրամ, ոստիկանութեան՝ 30 միլիառ 879 միլիոն դրամ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ 14 միլիառ 801 միլիոն դրամ:
Պետական աշխատակազմին աջակցութեան համար՝ 82 միլիառ 307 հազար դրամ, արտերկրէն պատուիրակութիւններու ընդունման համար՝ 350 միլիոն դրամ, նախագահի աշխատակազմին պիտի յատկացուի 300 միլիոն դրամ, խորհրդարանին՝ 87 միլիոն դրամ, կառավարութեան աշխատակազմին՝ 260 միլիոն դրամ:
Իսկ կառավարութեան պահեստային ֆոնտը պիտի կազմէ 20 միլիառ դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.