
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի Արփա հիմնարկի (AFFMA) «Արփա» շարժապատկերի միջազգային 16րդ փառատօնի մրցանակին թեկնածու ֆիլմերէն մէկն է Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան Որբերը» վաւերագրական շարժապատկերը, որ պիտի ցուցադրուի Կիրակի, Սեպտեմբեր 29ին, կ.ե. ժամը 4:30ին, Հոլիվուտի «Իճիփշըն» թատերասրահին մէջ: 13 տոլար արժող տոմսերը կարելի է ապահովել՝ այցելելով www.itsmyseat.com//events/233606.html կայքէջը:
Ֆիլմը պատրաստուած է շրջանային չորս «Էմմի» մրցանակներու տիրացած Պարէտ Մարոնեանի կողմէ, իսկ անոր հանրային առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ: Ֆիլմը Ապրիլ 18ին նաեւ ցուցադրուեցաւ Ֆրեզնոյի «Վելի Փի.Պի.Էս.» հանրային պատկերասփիւռի կայանէն:
«Ցեղասպանութեան Որբերը» պատմութիւնն է Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած հայորդիներուն: «Արմէնոյտ» ընկերութեան արտադրած սոյն ֆիլմը զգացական պտոյտ մըն է՝ հիմնուած պատմական արխիւներու, հարցազրոյցներու, յուշերու եւ վկայութեանց վրայ, որոնց մէկ մասը առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան կը ներկայացուին:
Վաւերագրական ժապաւէնը կը հետեւի Մորիս Միսաք Քէլէշեանին, որուն հետախուզութեանց շնորհիւ կարելի եղած է Պէյրութի մօտակայ Այնթուրա շրջանին մէջ գտնել մօտաւորապէս հազար հայ որբերու պարտադիր թրքացման վայրը հանդիսացած որբանոցը: Ֆիլմը կը պատմէ նաեւ շարք մը այլ որբանոցներու պատմութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան հիմնարկութեան տարած հսկայ աշխատանքը՝ աւելի քան 150,000 հայ որբերու պատսպարման ու կերակրելու գործին մէջ, 1919էն 1926 թուականներուն: Այդ օրերուն հաստատուած էին աւելի քան 200՝ ժամանակաւոր կամ մնայուն որբանոցներ, որոնցմէ մէկն էր 22,000 որբերու տուն հանդիսացած որբանոցը Գիւմրիի մէջ:
Շարք մը այլ որբերու կողքին, կը պատմուի նաեւ այն հայ որբուհիին մասին, որ որդեգրուած է Աթաթիւրքին կողմէ ու դարձած Թուրքիոյ ազգային հերոսուհիներէն մէկը:
«Ցեղասպանութեան Որբերը» ֆիլմին խթաններէն մէկը հանդիսացած է հռչակաւոր եւ հայասէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի մէկ յօդուածը՝ Այնթուրայի մէջ հայ որբերը թրքացնելու նպատակով օգտագործուած որբանոցին մասին, որուն խորագիրն էր՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան ապրող փաստ մը»:
Ֆլորիտա բնակող վաւերագրական ժապաւէններու մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան այս նկարահանումները կատարած է Այնթուրայի, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի մէջ: Ֆիլմին մէջ հարցազրոյցներ կան Ցեղասպանութենէն վերապրողներու եւ անոնց շառաւիղներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական զրոյց մը՝ տոքթ. Ճեք Գէորգեանի հետ:
Comments 1