
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 29 Օգոստոսին այցելած է «Մետաքսկոմբինատ» ընկերութիւն եւ ծանօթացած հիմնարկի աշխատանքներուն: Նախագահը կարեւոր նկատած է առկայութիւնը նման ձեռնարկութեան մը, ուր կը գործեն հիւսուածեղէնի, կարի, գորգի եւ բուրդի մշակման արտադրամասեր: Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ եթէ գործարանը աշխատի իր ամբողջ հզօրութեամբ այն ատեն լուրջ նախադրեալներ պիտի ստեղծուին Արցախի թեթեւ արդիւնաբերութեան երբեմնի փառքը վերականգնելու առումով:
Նախագահին ընկերակցած են փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: