
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, ինչպէս նաեւ Փալմ Սփրինկզի-Ինլընտ Էմփայըրի Հայ Դատի յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ հանդիպում մը ունեցան քոնկրեսական դոկտ. Փօլ Ռուիզի հետ, որ նախորդ ընտրութեանց, առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած էր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ:
Հանդիպման նպատակն էր քոնկրեսականին տեղեկութիւններ փոխանցել Հայ Դատի յանձնախումբի պատմութեան ու առաքելութեան մասին, ինչպէս նաեւ քննել ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր եւ քոնկրեսականի օրակարգին վրայ գտնուող աշխատանքները:
Քոնկրեսական Ռուիզ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն, որոնց մէկ մասը քոնկրեսականին ընտրատարածքէն են, իրեն ընծայելու համար ծանօթացման այս առիթը, որուն շնորհիւ՝ ան աւելի մօտէն ծանօթացած է հայ գաղութի անցեալի դժուարութեանց եւ անոր դիմագրաւած ներկայ հարցերուն:
Հանդիպման ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան Հայ Դատի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու կողքին, խօսցեաւ նաեւ Հայաստանի պատմութեան ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան գործունէութեան մասին:
Իր կարգին, Փալմ Սփրինկզի-Ինլընտ Էմփայըրի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Կարպիս Հինտոյեան խօսեցաւ քոնկրեսականի ընտրատարածքէն ետք Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ տարուող աշխատանքներուն մասին՝ խոստանալով քոնկրեսականին հետ սերտ գործունէութիւն մշակել, դրուատելով ամերիկահայութեան նկատմամբ Ռուիզի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:
Նաեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան ներկայացուց քուէարկողներ արձանագրելու նպատակով Հայ Դատի «Հայ Վոթզ» ծրագիրին մանրամասնութիւնները՝ շեշտելով անոր կարեւորութիւնն ու վերջին երկու ընտրութեանց ընթացքին անոր ապահոված իրագործումները: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայ Դատի յանձնախուբին կողմէ մշակուող շարք մը վարժողական ծրագիրներու իրագործումներուն մասին: