ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալաեանին հարցուցած է, թէ՝ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու զինուժին կողմէ Սուրիոյ հարուածներ հասցնելու մեծ հաւանականութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնը ի՞նչ քայլերու ձեռնարկած է՝ տեղւոյ հայ համայնքին օգնութիւն ցուցաբերելու համար. ան հաստատած է, որ մէկ տարի առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս գծով իր դիրքորոշումը յայտնած է, եւ անիկա կը մնայ անփոփոխ:
Արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Մանասարեան այդ գծով տարի մը առաջ ըսած էր. «Հայաստանի ղեկավարութիւնը ոչ միայն ուշադրութեամբ հետեւում է Սիրիայում իրադարձութիւնների զարգացմանը, այլ նաեւ համապատասխան քայլեր է ձեռնարկել եւ ձեռնարկում տարբեր մակարդակներով եւ ուղղութիւններով: Գործադրուող ջանքերը առաջին հերթին ուղղուած են սիրիահայութեան անվտանգութեան ապահովմանը: Սա այն դէպքերից է, երբ այդ ջանքերի հրապարակային բարձրաձայնումը կարող է նպաստաւոր ազդեցութիւն չունենալ դրանց արդիւնաւէտութեան վրայ, ուստի ես ձեռնպահ կը մնամ դրանք մանրամասնելուց«»
Թէեւ այդ յայտարարութեան օրերուն ամերիկեան օդուժին կողմէ Սուրիան հարուածելու սպառնալիք չկար, բայց եւ այնպէս յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու իմաստով արտաքին գործոց նախարարութիւնը ձեռնպահ մնացած է: Տակաւին յստակ չէ, թէ Հայաստան քայլերու պիտի դիմէ՞ սուրիահայերը տարհանելու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.