
ՎԻԼՆԻՈՒՍ, «Էյ.Փի.».- Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայէ հրամանագիր մը ստորագրեց Հինգշաբթի, Օգոստոս 29ին. հրամանագիրին համաձայն՝ Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի մօտ երկրին դեսպանները պիտի պաշտօնազրկուին Սեպտեմբեր 30ին:
Ըստ Լիթուանիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութեան՝ այս որոշումը հետեւանք է «youtube» կայքին վրայ հրապարակուած դեսպաններու հեռախօսազրոյցներուն՝ Վիլնիուս գտնուող իրենց գործընկերներուն հետ, որոնց մէջ դեսպանները, շարք մը այլ հարցերու կողքին կը խօսին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին:
Դեսպաններէն մէկը բացայայտ կերպով կը խոստովանի, որ ատրպէյճանահայկական հակամարտութեան մէջ ինք կ՛աջակցի հայերուն, որովհետեւ անոնք քրիստոնեաներ են եւ «նոյնպէս տուժած են Ստալինի գծած քարտէսներէն, մեզի պէս»:
Դեսպանները պաշտօնազրկուած են կառավարութեան առաջարկով:
Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքիաւիչիւս նշած է, որ այս պայմաններուն տակ դեսպանները իրենց դիւանագիտական աշխատանքը շարունակելու մեծ հաւանականութիւն չունին՝ «քանի որ դեսպաններուն պէտք է վստահի ոչ միայն Լիթուանիոյ ղեկավարը, այլեւ ղեկավարութիւնը այն երկիրներուն, ուր անոնք կը գտնուի»:
Այնուամենայնիւ, ան ընդգծած է, թէ դիւանագէտներու խօսակցութիւններու անօրինական ձայնագրումը եւ անոնց հրապարակումը տեղեկատուական սադրանք է: