ԹԻՖԼԻՍ, «Կրուզիա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ աջակցութիւն յայտնած է Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան՝ միաժամանակ նեցուկ կանգնելով Վրաստանը Եւրոպական Միութեան ու ՆԱԹՕի անդամ դարձնելու ջանքերուն:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիւլ այդ կարծիքը յայտնած է Թուրքիոյ մօտ Վրաստանի նոր դեսպան Իրաքլի Քոփլանթածէի հետ հանդիպման ընթացքին:
Կողմերը քննած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Կիւլ կարեւոր նկատած է յարաբերութիւններու զարգացումը, յատկապէս՝ տնտեսութեան, ուժանիւթի, առեւտուրի, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ: Ան խոստացած է աջակցիլ նոր դեսպանին՝ երկկողմանի կապերը խորացնելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.