
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տակաւին կը շարունակուին այն արձագանգները, որոնք ստեղծուեցան վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Իսրայէլի դէմ կատարուած պնդումին առնչութեամբ։ Էրտողան ըսած էր, որ Եգիպտոսի յեղափոխութեան ետին կը գտնուի Իսրայէլը՝ իբրեւ «փաստ» օգտագործելով հրեայ ծագումով ֆրանսացի մտաւորական Պեռնար Անրի Լեւիի կողմէ արտասանուած խօսք մը, որ փոխանցուած էր Իսրայէլի արդարադատութեան նախարարին եւ պարզապէս կարծիքի մը հանգամանքը ունէր։
Լեւի ըսած էր, որ «Իսլամ եղբայրներ»ը, նոյնիսկ եթէ ընտրութիւնը շահի, չի կրնար իշխանութեան գլուխ գալ, որովհետեւ «ժողովրդավարութիւնը իրականութեան մէջ ընտրական սնտուկ չի նշանակեր»։
Միջազգային մամուլին մէջ Էրտողանի դէմ ծանր քննադատութիւններէն ետք, թրքական «Ճումհուրիյէթ»ի աշխատակից Տույկու Կիւվենչ տեսակցութիւն մը ունեցած է Լեւիի հետ, որ ըսած է, թէ Էրտողան, երբ զինք կ՛ամբաստանէ Եգիպտոսի պետական հարուածին համար՝ «ուղղակի կը զառանցէ»։ «Ֆրանսայի մէջ մարդիկ սկսան պնդելու, որ Էրտողան իր խելքը կորսնցուցած է եւ սկսած է ձաբռտելու։ Ֆրանսայի մէջ ու աշխարհի վրայ ամէն մարդ կը խնդայ անոր վրայ։ Ինք շատ ալ չի սիրեր պետական հարուածներու միջեւ զանազանութիւն ընելը՝ որպէս լաւ հարուած եւ գէշ հարուած։ Բայց պատմութեան մէջ պատահած են պետական բարերար հարուածներ եւս։ Օրինակ՝ 1975ի Լիզպոնի պետական հարուածը, երբ զինուորները տապալեցին յետսալազարեան բռնատիրութիւնը», աւելցուցած է ան։
Ֆրանսացի մտաւորականին համաձայն՝ Թուրքիա հետզհետէ առանձին կը մնայ Էրտողանին պատճառով, «որովհետեւ ան կռնակ դարձուց արդիականութեան, խանգարեց Աթաթիւրքի ընկալումները ու շարունակ հերքեց Հայկական Հարցը։ Ասիկա Թուրքիոյ տեսանկիւնէն պատմական մեծ սխալ մըն է»։
«Ցաւալի է, որ ան (Էրտողան) այսպիսի տղայական պնդումներ յառաջ կը քշէ, երբ կ՛ուզէ վերլուծել Նեղոսի ափերուն վրայ պատահածները», եզրակացուցած է Լեւի: