ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանը կը ձգտի ընդլայնել ուսուցման երկլեզու ծրագիրը, որպէսզի բաւարարէ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն պահանջները:
Այս ծրագիրը, որուն միջոցով աշակերտները հնարաւորութիւն կ՛ունենան օրուան կէսը անցընելու իրենց կողմէ ընտրուած՝ անգլերենէն բացի այլ լեզու մը խօսելով, հիմնուած է 2003ին: Նոյն թուականին, 18 մանկապարտէզներ յաճախող երեխաներ իրենց ուսման ժամանակին 90 տոկոսը տրամադրած են սպաներէն խօսելու եւ սորվելու աշխատանքին: Այդ պահէն ի վեր, սոյն ծրագիրը ներառուած է քանի մը դպրոցներու մէջ, ուր աշակերտները կրնան սորվիլ հայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, ճափոներէն, քորէայերէն եւ սպաներէն: Սակայն միշտ չէ, որ այդ ծրագիրը կ՛ընթանայ ընտրուած լեզուով մինչեւ 12րդ դասարան, եւ բոլոր դպրոցներուն մէջ չէ, որ բաւարար թիւով տեղեր կան, այդ դասընթացքներուն հետեւելու համար:
«Խնդիրներէն մէկը, որուն այսօր կը բախինք, ծրագիրի փայլուն յաջողութիւնն է», կը յայտնէ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վերակացու Տիք Շիհան՝ աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ անիկա գերազանցեց մեր սպասելիքները»:
Երկլեզու դասընթացքները մեծ ճանաչում գտան վերջին տարիներուն: Ուսումնական նոր տարեշրջանին սկիզբէն՝ Օգոստոս 12էն, 470 աշակերտ կարգի կանգնած է՝ մանկապարտէզին մէջ երկլեզու ուսման ծրագիրին մասնակցելու համար: Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի պետական պաշտօնեաները քանի մը շաբաթէ ի վեր արդէն իսկ շարունակ կը քննարկեն երկլեզու ծրագիրի հարցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.