
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 8ին, գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA) տեղի պիտի ունենայ Թոմաս Մկրտիչեանի նոր հրատարակուած «Տիարպեքիրի Ջարդերը եւ քրտական բարբարոսութիւնները» անգլերէն հատորին ներկայացումը:
Հատորը առաջին անգամ 1918ին լոյս տեսած էր հայերէնով, իսկ անոր անգլերէն թարգմանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսաւ այս տարի:
Հատորը պիտի ներկայացնէ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան, որ նաեւ պիտի խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ու անկէ ետք որդեգրուելիք քաղաքականութեան մասին:
Արա Սարաֆեան այս տարուան Ապրիլին, առաջին անգամ ըլլալով Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը կրցած էր կազմակերպել՝ համագործակցութեամբ Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պէյտեմիրի եւ քաղաքի Իրաւաբանական միութեան:
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Առնօ Երէցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով: