(Նուիրուած՝ Սիմոն Զաւարեանի Մահուան 100ամեակին)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Դրամ շահելու, ոսկի դիզելու տենչը հասած է մեզ մօտ վտանգաւոAր աստիճանի…»
Սիմոն Զաւարեան

Հայ քաղաքական մտքի գլխաւոր օրակարգէն շեղում կատարելու որեւէ տրամադրութիւն կամ դիտաւորութիւն չունի այսօրուան խորհրդածութիւնը։
Ընդհակառա՛կն. կ՛առաջադրէ հրապարակային քննարկման սեղանին վրայ դնել մերօրեայ հայ իրականութեան ծանրագոյն հիւանդութեան՝ քաղաքական խաթարուածութեան, հեղինակութեանց անկումին եւ ղեկավարութեանց տագնապին տուն տուող հասարակական ցեցերուն, այլեւ ազգային մեր հոգեխառնութիւնը թունաւորող վարակներուն ցաւոտ խնդիրը։
Որքան ալ արագընթաց ըլլայ ժամանակի թաւալումը եւ որքան ալ մարդիկ շնչահեղձ դառնան բարոյական տեղատուութեան ոլորապտոյտին մէջ՝ ի տես խաթարումի նորանոր գայթակղութեանց դրսեւորումներուն ու այլեւս զզուանք առաջացնող յղփացումի պատկերներուն, փաստօրէն գործուած սխալները չեն մոռցուիր եւ կը կուտակուին մարդոց գիտակցութեան ու ենթագիտակցութեան մէջ, սպասելով որ ի վերջոյ հնչէ հաւաքական ինքնամաքրման յապաղող զանգը։
Խօսքը կը վերաբերի, առաջնահերթաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբր թէ շէնցնելու, զարգացնելու եւ «իրաւական» ու «ժողովրդավարական» պետականութեան հունով յառաջ մղելու արդէն մաշած յանկերգին։
Պատահական չէ, որ կառավարման իր ներկայ համակարգով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարզապէս դիմայարդարման ու կեղծ արդիականացման տուած է իր ուժը, որովհետեւ քաղաքական խաթարումը վարակած է պետական իշխանութեան ողջ մարմինը՝ ոտքէն մինչեւ գլուխ։ Իշխանութեան ժողովրդավարացման եւ կառավարման բարեկարգումին ամբողջ կեղծիքը արդէն քանի-քանի անգամներ բեմադրուած է իր զզուելի մերկութեամբ՝ ստուերային ուժերու անհակակշռելի արմատաւորումով ու յարաճուն արատաւորումով, այլեւ ու մանաւանդ տարուէ տարի կատարելագործուող ընտրական ճնշումի մեքենայութիւններով։ «Ազատ ու արդար, թափանցիկ ու մաքուր» ընտրութեանց կարգախօսով եւ մէկ օրէն միւսը մոռցուող խոստումներով՝ չարաշահումի բոյն դարձած կառավարման այս համակարգը պարզապէս կը սեղմէ յուսահատութեան օղակը ազատ ու անկախ ապրելու տենչով շնչող, դժուարութեանց տոկալու հայու ուժեղ կամքով օժտուած մարդոց պարանոցին շուրջ։
Նոյնպէս պատահական չէ, որ հակառակ Երեւանը օրէ օր աւելիով զարդարող գեղեցիկ պողոտաներուն, լուսաշող վաճառատուներուն եւ ընտրանիական զբօսավայրերուն կամ ճաշարաններուն, հաւասարապէս թէ՛ հայրենաբնակ եւ թէ այցելու հայ մարդիկ արդէն բարձրաձայն իրենց դժգոհութիւնն ու ընդվզումը կը յայտնեն ամենայն հայոց մայրաքաղաքին միայն ցուցափեղկը բարեզարդելու եւ ներսիդին անխնամ լքելու մեծ կեղծիքին ու անբարոյականութեան դէմ։
Ողբերգութիւնը այն է, որ նաեւ հայ հասարակութեան տարբեր շերտերը վարակուած են ցուցափեղկերու շռայլանքով ու փայլքով խանդավառուելու հիւանդութենէն։
Այսպէ՛ս, «լաւ ապրել»ու հիւանդագին արատը նորովի թափով վարակած է հայ իրականութիւնը – եւ դժբախտաբար ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։
Խօսքը կը վերաբերի ազգային մեր արատներու «ժառանգութեան» մաս կազմող «լաւ կեանք»ի նիւթապաշտ, այլեւ մորթապաշտ ու անձնակեդրոն պատկերացումին։
Ինչպէս որ 101 տարի առաջ, իր յանկարծամահ վախճանման նախօրէին, «Վաշխառուի հոգեբանութիւն» խորագրով յօդուածի մը մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան Խիղճը մարմնաւորող Սիմոն Զաւարեան կ՛ահազանգէր Պոլսոյ «Ազատամարտ»ի էջերէն՝
«Հայերի, Յոյների, Հրեաների «ճարպիկութեան» մասին տարածուած սրախօսութիւնները այնքան էլ զուրկ չեն հիմքէ։ Դրամ շահելու, ոսկի դիզելու տենչը հասած է մեզ մօտ վտանգաւոր աստիճանի…
«Խնդիրը նիւթական ապահովութեան, լաւ աշխատանք ունենալու մէջ չէ հարկաւ։ Հարստանալու, շատ հարստանալու ցանկութիւն ունին բոլոր մարդիկ, ամենահամակրելի ազգերն անգամ։
«Մեզ մօտ վատը նրա մէջ է, որ միւս ազգերը դրամ շահելու հետ միասին ունին եւ լաւ ապրելու ձգտում, բարոյական, գիտական, գեղարուեստական, քաղաքական պահանջներ ու հոգսեր, մինչդեռ մենք հայերս համարեա՛ թէ զուրկ ենք այդ մարդկային առողջ պահանջներէն՝ լրիւ կերպով, լաւ ապրելու տենչերէն, քաղաքական, գիտական եւ այլ ձգտումներէն։
«Լաւ ապրելը մենք կը հասկնանք անասնական-ֆիզիքական (խմելու, հագնուելու) մտքով եւ տարուած ենք ոչ թէ դրամը կեանքի բարձրացման ծառայեցնելու, այլ նկատելու զայն իբրեւ մի նպատակ, մի սրբութիւն»։
Առանձին վերլուծութեան ու քննարկման նիւթ է, թէ «լաւ ապրել»ու խաթարուած այդ մտայնութիւնը ինչպէ՞ս յառաջացաւ եւ արմատաւորուեցաւ հայ հասարակութեան մէջ։ Ոչ միայն Զաւարեանի ապրած դարուն, ոչ միայն Զաւարեանէն շատ առաջ՝ օտարի տիրապետութեան տակ անցած ստրկական կեանքի բազմադարեան մեր կենսափորձի տարբեր հանգրուաններուն, այլեւ՝ մեր իսկ օրերուն եւ մեր իսկ մեղքով։
Այսօրուան մեր օրակարգին կիզակէտը, հետեւաբար, հայու ազգային հոգեխառնութիւնը դրամապաշտութեան եւ նիւթապաշտութեան այս խորարմատ արատէն մաքրելն ու ձերբազատելն է։
Սիմոն Զաւարեան ինք ամբողջ գաղափարաբանութիւն մը մշակեց հայու ինքնամաքրման ուղղութեամբ եւ, Հայաստանի ու հայութեան «Աշխարհիկ Սուրբ»ին եւ «Ընկերային Նազովրեցի»ին մահուան 100ամեակին առիթով, Օրուան Մտածումի այս սիւնակը պարբերաբար պիտի կեդրոնանայ Զաւարեանական Պատգամին հնչեղ, այլեւ այժմէական ախտորոշումներուն եւ դարմանի առաջադրութեանց վրայ։
«Լաւ ապրել»ու խաթարուած մտայնութեան դէմ պայքարը վերանորոգելու մարտահրաւէրին առջեւ կանգնած է հայ քաղաքական միտքը այսօր։
Հայրենի հողի վրայ թէ Սփիւռքի տարածքին, վերջին հարիւրամեակի ընթացքին, անկասկա՛ծ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ «անասնական-ֆիզիքական (խմելու, հագնուելու)» հասկացողութեամբ «լաւ ապրիլ»ը բարեփոխելու, հայ հասարակութեան մէջ առողջ հունով զարգացնելու ուղղութեամբ։
Կասկածէ վեր է, որ թէ՛ Հայրենիքի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի տարածքին, դրամի ու նիւթի պաշտամունքը սանձելու եւ չափաւորելու առումով՝ ազգային մեր կազմակերպ կեանքը յաջողեցաւ ամէնէն ունեւոր հայ ծնողին մօտ անգամ մշակելու սեփական զաւկին կեանքի որակը էապէս բարձրացնելու գիտակցութիւնն ու յանձնառութիւնը։
Բայց նոյնպէս փաստ է, որ հաւաքական ու կազմակերպ մեր կեանքի ցնցումի պահերուն, երբ սերնդափոխութեան ու մանաւանդ ղեկավարութեան արմատական փոփոխութիւններ ունեցանք, ազգային այս արատը անբուժելի քաղցկեղի պէս վերստին աշխուժացաւ եւ աւեր գործելու իր շրջանառութիւնը սկսաւ…
Կարելի չէ մտահան ընել Արցախի ազատագրութեան եւ Հայաստանի վերանկախացման յաղթանակի օրերը, երբ գերագոյն զոհաբերութեան խորհրդանիշ մեր ազատամարտիկներուն քովն ի վեր վերստին կեանք առաւ ու վարակիչ օրինակի դափնիին արժանացաւ «յաջողած հայ»ու այն կերպարը, որ իր յղփացած կենսակերպով «լաւ ապրել»ու մշակուած մտայնութիւնը եկաւ արագօրէն փոխարինելու միայն դրամ ու հարստութիւն դիզելու արատաւոր մոլորանքով։
Այդ մոլորանքին ամէնօրեայ, աղաղակող եւ արդէն զզուանք առաջացնող վկայութիւններն են երէկ անանուն ու անյայտ, իսկ այսօր պետական իշխանութեան եւ հասարակական ղեկին տիրացած դէմքերը, որոնք նիւթական բարիքներու յղփացումէն դուրս, այլեւ վեր գտնուող կեանքի բարձր որակի արժէքներուն հանդէպ միայն արհամարհանք կը սորվեցնեն «լաւ ապրել»ու իրենց արատաւոր վարքով։