
Ինչպէս քանի մը օր առաջ տեղեկացուցած էինք արդէն, որ Օգոստոս 26ին Դամասկոսի մէջ արձակուած հրասանդերէն երկուքը հարուածեցին տեղւոյն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շէնքը եւ Թարգմանչաց ճեմարանը: Թեթեւօրէն վնասուած է եկեղեցւոյ գմբէթը, ցանկապատէն մաս մը, իսկ կարգ մը պատուհաններու ապակիները փշրուած են, վնասուած են նաեւ Ճեմարանի պատուհանները:
Պաշտօնական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ հրասանդի հարուածները վնասներ հասցուցին նաեւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ շէնքերէն մէկուն ու յոյն ուղղափառ «Զէյթուն» եկեղեցւոյ շէնքին եւ պատճառեցին երկու տասնեակ վիրաւորներ:
Վիրաւորներու շարքին են երկու հայեր՝ եկեղեցւոյ պահակը՝ Թորոս Սարգիսեան, որ բուժում ստանալէ ետք վերադարձաւ, եւ Ռաֆֆի Ճապուրեան, որ տակաւին հիւանդանոցին մէջ բուժում կը ստանայ, իսկ Յակոբ Սարգիսեան, որ առաջին հարուածին պատճառած վիրաւորներուն օգնելու փութացած էր, կարճ ժամանակ անց իր ստացած վէրքերուն պատճառով կը նահատակուի:
Պաշտօնական յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ՝ Երեքշաբթի, Օգոստոս 27ին, Դամասկոսի ժամանակացոյցով կ.ե. ժամը 1ին:
Վերոնշեալները անդամ են «Քաղաքացիական պաշտպանութեան փրկարար ուժեր»ուն եւ այլ անդամներու կողքին՝ կը հսկէին Պապ Շարքի կամարին եւ եկեղեցւոյ մուտքին:
Նշենք, որ Պապ Շարքի թաղամասը կը նկատուի «Հին Դամասկոս»ի պատմական քաղաքի կեդրոնը, որ նշանաւոր է նաեւ իր հնագոյն կամարով, ուր կը գտնուին Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ այլ եկեղեցիներ:
Երկուշաբթի օր, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. Սարգիս եկեղեցի այցելեց Դամասկոսի մէջ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Մեսրոպ Շիրինեան, որ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ցաւակցութիւնը նահատակ Յակոբ Սարգիսեանի ընտանեկան պարագաներուն:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ բարի եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: