
ԼՈՆՏՈՆ.- Շաբաթ, Օգոստոս 24 թուակիր իր նորագոյն թիւին մէջ, բրիտանական հեղինակաւոր «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը տպած էր «Մոխիրներէն» խորագիրով եւ «Թուրք հայերը կը սկսին տօնելու եւ ոգեկոչելու իրենց անցեալը» ենթախորագիրով յօդուած մը՝ «Գիրեր եւ արուեստներ» բաժինին մէջ, որ նուիրուած է Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Ս. Կիրակոս Հայոց եկեղեցւոյ կից հայկական թանգարան մը հիմնելու ծրագիրին:
Յիշեցնենք, թէ Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք պայմանագիր մը ստորագրած էին Յուլիսի կիսուն, եկեղեցւոյ կից քաղաքային թանգարանի մը շինութեան ձեռնարկելու նպատակով։ Անոնք որոշած են այդ թանգարանին մէջ ցուցադրել հայոց վերաբերեալ հնութիւններ, քաղաքը աւելի լաւ ձեւով ծանօթացնելու համար օտարներուն։
Եկեղեցիէն բաժին մը անվճար կերպով տրամադրուած է քաղաքապետութեան, իսկ քաղաքապետութիւնը կ՛օգնէ Թաղային խորհուրդին, որպէսզի հին հայկական իրեր, փաստաթուղթեր եւ այլ հայապատկան տեղեկութիւններ ապահովուին եւ յանձնուին թանգարանին։ Քաղաքապետութիւնը յանձն պիտի առնէ թանգարանի մաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ ջուրի եւ ելեկտրականութեան ծախսերը պիտի ապահովէ։
«Իքոնոմիսթ»ի յօդուածը կ՛անդրադառնայ նաեւ եկեղեցւոյ վերակառուցման՝ զայն նկատելով հայութիւնը սիրաշահելու Թուրքիոյ իշխանութեանց քաղաքականութեան մասնիկ մը, միաժամանակ յիշեցնելով, թէ Թուրքիա կը շարունակէ հերքել Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Հոն նաեւ կը նշուի, թէ օրական հարիւրաւորներ կ՛այցելեն եկեղեցին. անոնց մէջ կան նաեւ իսլամացած հայեր. նաեւ կը խօսուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ քիւրտերուն մեղսակցութեան համար ներողութիւն խնդրելու նպատակով որոշ քիւրտ ղեկավարներու կատարած կոչերուն մասին:
«1915ի իրականութիւնը կարելի չէ պահել, բայց իբրեւ երիտասարդ հայ, ես նաեւ չեմ ուզեր իբրեւ զոհ ճանչցուիլ, որովհետեւ հպարտ ջահակիրն եմ հարուստ քաղաքակրթութեան մը, որ ոչ միայն վերապրած է, այլ կը շարունակէ աճիլ», ըսած է Թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքի դուստրը՝ Փելինը:
Այո՛ դիւանագիտական գետնի վրայ որոշ յառաջդիմութիւն կայ: Մի քանի եկեղեցի մեզ կու տան… թանգարանի վերածելու: Սակայն մենք շատոնց շեղած ենք մեր ուղիէն: Ինչ որ պատերազմով շահեցանք միշտ կորսնցուցինք դիւանագիտութեան ոլորտի մէջ՝: Մենք ճամբայ ելլանք վաթսունհինգին մեր ՀՈՂԵՐԸ պահանջելով եւ մոռցանք այդ, ու պնդեցինք Ցեղասպանութեան ճանաչումի վրայ: Մենք ունեցանք Սեւրի Դաշնագիր եւ ոչ մէկ փաստաթուղթ միջազգային գետնի վրայ չէ դրժած անոր որոշումները՛, ճիշտ այդ պատճառով ճամբայ ելան աճապարանօք մեզմէ խլելու Արձանագրութիւննրու տակ ստորագրութիւն: Մենք չենք լաւ դիւանագետներ իսկ ՀՈՂԸ… «ՀՈՂԸ ԱՐԻՒՈՎ Է ԽԼՒՈՒՄ ԻՄԱՑԷՔ»