
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Օգոստոս 20-21ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է հիւսիսարեւելեան սահմանագօտի: Նախարարին ընկերակցած են Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալբանդեանը եւ Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Ս. Օհանեան այցելած է բանակային զօրամիաւորման կարգ մը զօրամասեր, ծանօթացած է իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն, շրջագայած է զօրանոցներուն մէջ: Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են ստորաբաժանումներուն մէջ գործող օժանդակ կառոյցներու շինութիւններու պահպանման եւ վերանորոգման աշխատանքները: Նախարարը ծանօթացած է նաեւ զօրամասերուն մէջ գործող զինուորական ճաշարաններու շէնքերուն, ապրուստի եւ առողջապահական անհրաժեշտ պայմաններուն եւ նախաճաշած է զինուորներուն հետ:
Իր եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան անունով ողջունելով զինուորները՝ Ս. Օհանեան նշած է. «Երբ ես այցելում եմ առաջնային գիծ, ինձ համար տարբերութիւն չկայ, ես աջակցում, խրախուսում եմ եւ առաջնագծում կանգնած զինուորին եւ առաջնագծի խաղաղ բնակչութեանը, որոնք, ըստ էութեան, մեր երկրի զինուորներն են եւ ամէն պահի կանգնած են զինուորի կողքին, իսկ զինուորը կանգնած է նրանց կողքին»: Նախարարը նշած է, որ՝ «վերջին տարիներին ձեր զօրամիաւորումում նուազել են դժբախտ պատահարները, կանոնակարգուել են միջանձնային յարաբերութիւնները»: Նախարարը նաեւ պատասխանած է զինուորներուն հարցումներուն:
Մարտական յենակէտերուն մէջ նախարարը ստուգած է պաշտպանական եւ ճարտարապետական կառոյցներու ամրութիւնը, ծանօթացած է զինուորներու մարտական պատրաստուածութեան, բարոյահոգեբանական վիճակին, հետաքրքրուած է անոնց առօրեայով, կենցաղային պայմաններով: Սէյրան Օհանեան թանկարժէք նուէրներով պարգեւատրած է շարք մը սպաներ եւ զինուորներ:
Շրջագայութեան աւարտին՝ աշխատանքները ալ աւելի արդիւնաւէտօրէն իրականացնելու համար պաշտպանութեան նախարարը յանձնարարականներ տուած է զօրամիաւորման ղեկավարութեան: