ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը շարունակեն պարբերաբար խախտել զինադադարի դրութիւնը եւ կրակ բանալ Հայաստանի դիրքերուն, ճամբաներուն ու բնակավայրերուն ուղղութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած են, որ 21 Օգոստոսի ցերեկը եւ երեկոյեան Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակ բացած են Չինարի եւ Բերդաւան գիւղերուն մէջ գտնուող հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Երեկոյեան անոնք կրակ բացած են Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճամբուն ուղղութեամբ՝ Ոսկեպարի շրջանին վրայ: Ինքնաձգային երկու շարք կրակոցներ արձակուած են, նաեւ՝ քաղաքացիական պասի մը ուղղութեամբ:
7 ամիսներու ընթացքին Ատրպէյճան շուրջ 7960 անգամ խախտած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հետ զինադադարի դրութիւնը: Մօտ 1240 անգամ ատրպէյճանական կողմը գործածած է արձակազէնի զէնք, մօտ 410 անգամ՝ մեծ տրամաչափի սպառազինութիւն, որոնց կարգին մօտ 260 անգամ մեծ տրամաչափի արձակազէնային: Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք զոհուած է 3, վիրաւորուած՝ 9 հայ զինուոր: Նաեւ վիրաւորուած է մէկ քաղաքացի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.