ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Բրիտանիոյ հայ համայնքին օժանդակութեամբ դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներ նուիրած է Վայոց Ձորի մարզի Արին գիւղի 52 աշակերտի։ Նախաձեռնութիւնը կատարած է հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինը, որուն ատենապետը՝ Արմինէ Կարապետին նշած է, որ ուսումնական տարուան սկիզբը տասնեակ ընտանիքներու նիւթական բեռը թեթեւցնելը ո՛չ միայն կենցաղային, այլ նաեւ բարոյական աջակցութիւն է:
Հիմնադրամի Բրիտանիոյ տեղական մարմինը կրթական եւ առողջապահական մեծ ծրագիրներուն զուգահեռ, վերջին 10 տարուան ընթացքին օժանդակած է Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Արագածոտնի եւ Վայոց Ձորի մարզերու աւելի քան 2000 աշակերտի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.