ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՍԴՀԿ «Փարամազ» եւ «Արսէն Կիտուր» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Յուլիս 25ի երեկոյեան, ՀԿԲՄի «Կարօ Սօղանալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք՝ «Քսաններու հետքերով» խորագիրին տակ, որպէս քաղաքական մեկնաբան ունենալով ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գրիգոր Խոտանեանը:
Ցուցադրուեցաւ Պոլսոյ մէջ հնչակեան 20 նահատակներու կախաղան բարձրացման 98րդ տարեդարձի ձեռնարկներու տեսաերիզը:
Վաչէ արք. Յովսէփեան ներկայացուց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը եւ իր գնահատական խօսքը փոխանցեց կազմակերպիչներուն: Յայտագիրին ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ առաջնորդին սրտի խօսքը, որուն մէջ սրբազանը կը գրէր. «Կ՛աղօթենք կախաղան բարձրացած 20 նուիրեալ նահատակներու, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւնը հիմնող քաջարի հայորդիներու հոգիներուն համար, որոնք իրենց կարողութիւններն ու ծառայութիւնները մատուցին՝ ի սպաս մեր ազգին եւ հայրենիքին: Խունկ եւ պաշտամունք անոնց անմեռ յիշատակին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.