ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Շախմատի աշխարհի գաւաթի խաղարկութիւնում հայ գրոսմայստերների պարտութիւններն իսկապէս անսպասելի էին», յայտնած է Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ, Երեւանի եւ Հայաստանի ճատրակի ախոյեան Գագիկ Յակոբեանը «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Ինչ խօսք, անսպասելի էին Վլադիմիր Յակոբեանի եւ Սերգէյ Մովսիսեանի արդիւնքները: Գուցէ նրանք հոգեբանօրէն պատրաստ չէին: Առաջին փուլի համար նրանց մրցակիցներն այդքան էլ յաջող չէին, համեմատաբար աւելի ուժեղ էին», յայտնած է Յակոբեան:
Խօսելով Հայաստանի տղոց հաւաքականի այս տարուան յաջորդ մրցումներուն մասին՝ Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչը վստահեցուցած է, որ ասիկա իր անդրադարձը չի կրնար ունենալ խմբային ելոյթներուն վրայ: «Կարող է հակառակ արդիւնքն ունենալ եւ տղաներն այդ խաղերում ռեւանշ (վրէժ-Խմբ.) վերցնեն»:
Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին Լեւոն Արոնեանը, Վլադիմիր Յակոբեանը, Սերգէյ Մովսիսեանն ու Հրանտ Մելքումեանը: Միայն Լեւոն Արոնեանը կրցաւ երկրորդ հանգրուան անցնիլ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.