ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Յուլիսին Իրանի Սեմնան նահանգէն ջայլամի հազար ձագ բերուած է Հայաստան։ Այս մասին գրած է ԻՍՆԱ գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով մարզի գլխաւոր անասնաբոյժին:
Հայաստան բերուած ջայլամներուն ընդհանուր արժէքը 60 հազար տոլար է։ «Այժմ հետազօտութիւններ ու բանակցութիւններ են անցկացնում Հայաստան արտահանուող ջայլամի մսի ծաւալների աւելացման շուրջ», նշուած է այս գծով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տուեալով, այսօր Հայաստանի մէջ ջայլամի քանի մը հարիւր քիլոկրամ միս կ՛արտադրուի եւ կը վաճառուի հանրախանութներուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.