ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 7-13 Սեպտեմբեր Լոռիի մարզի Դսեղ գիւղին մէջ պիտի կայանայ «Թումանեանական հեքիաթի օր» միջազգային 8րդ փառատօնը: Փառատօնի այս տարուան խորագիրն է՝ «Տիկնիկներն յանուն բարեկամութեան եւ մշակոյթների մերձեցման»: Այս մասին փոխանցուած է մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն:
Փառատօնի կազմակերպիչն է Տիկնիկային արուեստի գործիչների միջազգային միութեան Հայկական կենտրոն»ը՝ «ԻՒՆԻՄԱ-Հայաստանը: Փառատօնին նպատակն է նպաստել հայ մշակոյթի տարածման, տարբեր ազգերու միջեւ մշակութային փոխանակումներու եւ երկխօսութեան զարգացման:
Փառատօնը աւանդաբար տեղի կ՛ունենայ Սեպտեմբերի առաջին տասնօրեակին՝ հիւրընկալելով տիկնիկային թատրոններ Հայաստանէն, Արցախէն եւ æաւախքէն, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան երկիրներէ: Նախորդ եօթը տարիներուն փառատօնին մասնակցած են տիկնիկային թատրոններ եւ տիկնիկային արուեստի գործիչներ աշխարհի 22 երկիրներէ:
Փառատօնին մասնակցելու դիմումներ ներկայացուած են տարբեր երկիրներու տիկնիկային թատրոններէ՝ Վրաստան, Լիթուանիա, Ռուսիա, Իտալիա, Դանիա, Պուլկարիա, Սերպիա, Գերմանիա, Իրան, Ուքրանիա, Չեխիա, Ղազախստան, Ֆրանսա եւ այլն:
Փառատօնի օրերուն տեղի պիտի ունենայ սեմինար՝ նուիրուած հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի գործունէութեան: Այս տարի նախատեսուած է յատուկ սեմինար՝ «Տիկնիկների եւ տիկնիկային արուեստի դերը երեխաների մտաւոր եւ հոգեբանական խնդիրների գործում» խորագիրով:
Ամէն օր գիւղապետարանի դահլիճին մէջ պիտի կազմակերպուի «Երեկոյեան ակումբ»ը, որուն ընթացքին պիտի կատարուին քննարկումներ, միտքերու փոխանակումներ: Աշխարհահռչակ տիկնիկային գործիչներու կողմէ պիտի տրուին վարպետութեան դասեր։
Ինչպէս նախորդ փառատօներուն, այս տարի եւս 13 «Կարապետ» մրցանակ պիտի շնորհուի այս տարուան ընթացքին իւրայատուկ աշխատանք տարած տիկնիկային գործիչներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.