ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւանի քաղաքապետարանին դիմաց արդէն 21րդ օրն ըլլալով նստացոյց կատարողներէն Վահագ Մինասեանը «Ազատութիւն» կայանի թղթակից Յովհաննէս Մովսիսեանին յայտնած է, որ նստացոյցի մասնակիցներէն Սուրէն Սահակեանը նախորդ օր բարձր ջերմութիւն ունեցած է եւ ստիպուած է ժամանակաւորապէս դադրեցնելու նստացոյցը՝ բուժման ենթարկուելու համար: Ոստիկանութիւնը կը շարունակէ արգիլել գործիչներուն վրան կամ հովանոց տեղադրել, իսկ վերջինները կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն քննարկելու մարտավարութիւնը փոխելու հարցը:
«Հնարաւոր է նստացոյցը փոխուի հացադուլի», յայտնած է Վահագ Մինասեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.