Քաղեց՝ ԱՆԱՀԻՏ ՄԷՅՄԱՐԵԱՆ
ՍՄԲԱՏ ՇԱՀԱԶԻԶ
Երազ
Ես լսեցի մի անոյշ ձայն,
Իմ ծերացած մօր մօտ էր.
Փայլեց նըշոյլ ուրախութեան,
Բայց ափսո՜ս, որ երազ էր:
Կարկաչահոս աղբիւրն այնտեղ
Թաւալում էր մարգարիտ.
Նա յստակ էր որպէս բիւրեղ,
Այն երա՜զ էր ցնորամիտ:
Ու մեղեդին տխուր, մայրենի
Յիշեց մանկութեան օրեր.
Մօրըս համբոյրն ես ըզգացի
Ա՜խ, ափսո՜ս, որ երազ էր:
Կուրծքին սեղմեց կարօտագին,
Աչքերս սրբեց- շատ թաց էր-
Բայց արտասուքս գընում էին…
Ա՜խ, այդ ինչո՞ւ երազ էր:
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ
Զղջում
Երէկ երբ պաղ քրտնաց մէջ
Սեւ մըրափ մը կ՛առնէի,
Եւ թօշնած զոյգ մը վարդեր
Այտերուս վըրայ կ՛այրէին,
Անշուշտ ճակտիս վրայ մահու
Դալկութիւն մը կը պըլպլար,
Եւ մահու թռիչք մ՛ունէի.
Լսեցի մօրս հեծեծում…
Բացի աչքերս խոնջած,
Մօրըս արտօսրըն տեսի՜…
Ո՜հ, ճշմարիտ գորովի
Մարգարիտներ լոյծ ու կեղծ…
Մայրս անհուն ցաւ մ՛ունէր,
Այն սեւ ցաւը ե՛ս էի…
Ա՜հ, գլուխըս փոթորկեց,
Այս սեւ հեղեղն դուրս տուի.
Ո՜հ, ներէ ինձ, Աստուա՜ծ իմ,
Մօրըս արտօսրը տեսի…
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
Պանդուխտ Որդին
Դարդը՝ սըրտիս, աղքատ ու խեղճ,
Ցուպը ձեռիս, գլխակոր.
Շատ տարիներ պանդուխտ եղած՝
Նորէն դարձայ հայրենիք.
Կեանքի բեռով մէջքըս ծըռած,
Միտքըս շուար ու մոլո՛ր,
Եօթը սարէն, եօթը ծովէն
Դարձայ նորէն հայրենիք:
Իմ հայրենի գեղի հանդում
Տեսայ մանկութ ընկերիս.
Ա՜խ, ընկեր իմ, կարօտ սրտով
Նըրա առաջ վազեցի.
Ասի.- «Բարո՛վ, անգին ընկե՛ր,
Չե՞ս ճանաչում դուն ինծի».
– Ախըր ես շա՜տ փոխուեր էի…
Չըճանաչեց նա ինծի:
Ցուպը ձեռիս՝ գեղը մըտայ,
Անցայ եարիս տան ճամբով.
Տեսայ եարըս, վարդը ձեռին,
Մենակ կանգնած՝ դըրան մօտ.
Ասի. «Քուրի՛կ, ազիզ տեսքիդ
Արժանացայ ես բարով…»
Նա էլ ինծի չըճանաչեց…
– Աղքատ էի ու փոշոտ…
Դարդը սըրտիս՝ հասայ մեր տուն,
Տեսայ ծերուկ, խեղճ մօրըս.
Ասի. «Նանի՛, ճամբորդ մարդ եմ,
Գիշերս ինձ հիւր կ՛ընդունե՞ս»:
Ախ, մէրիկ ջան… վզովս ընկաւ,
Սըրտին գըրկեց ու լացեց.
«Ա՜խ, բալա ջան, ղարի՜բ բալա,
Էդ դո՞ւն ես…»:
Մայրիկիս
Հայրենիքէս հեռացել եմ,
Խեղճ պանդուխտ եմ, տուն չունիմ,
Ազիզ մօրէս բաժանուել եմ,
Տըխուր-տըրտում քուն չունիմ:
Սարէն կու գաք, նախշուն հաւքե՛ր,
Ա՜խ, իմ մօրըս տեսել չէ՞ք.
Ծովէն կու գաք, մարմանդ հովե՜ր,
Ախըր բարեւ բերել չէ՞ք:
Հաւք ու հովեր եկան կըշտիս,
Անձէն դիպան ու անցան.
Պապակ-սըրտիս, փափաք-սըրտիս
Անխօս դիպան ու անցա՜ն:
Ա՜խ, քո տեսքին, անոյշ լեզուին
Կարօտել եմ, մայրիկ ջան.
Երնէ՜կ, երնէ՜կ երազ լինիմ,
Թըռնիմ մօտըդ, մայրի՜կ ջան:
Երբ քունըդ գայ, լուռ գիշերով
Հոգիդ գըրկեմ, համբոյր տամ.
Սըրտիդ կըպնիմ վառ կարօտով,
Լա՛մ ու խնդա՛մ, մայրի՛կ ջան…
***
Կը տեսնեմ ահա, – լուռ երեկոյին
Բարակ ծուխ կ՛ելնի իմ հօր օճախէն.
Եւ ուռիներս մարմանդ կ՛օրօրուին,
Ծղրիդը կ՛երգէ անտես խորշերէն…
Մեղմ ճրագի տակ նստել է տխուր
Ծերունի մայրս՝ մանկիկս գրկին.-
Մուշ-մուշ քնել է մանկիկս՝ անդորր.
Ու աղօթք կ՛անէ մայրիկս՝ լռին:
«Ամէնէն առաջ թո՛ղ ինքը հասնի
Ամէն հիւանդի, հեռո՛ւ ճամբորդի.
Ամէնէն յետոյ թո՛ղ ինքը հասնի
Քե՛զ, իմ խեղճ որդի՛, իմ պանդուխտ որդի»:
Անո՜ւշ ծուխ կ՛ելնի իմ հօր օճախէն,
Մայրս կ՛աղօթէ՝ մանկիկս գրկին.
Ծղրիդը կ՛երգէ անտես խորշերէն
Եւ ուռիներս մարմանդ կ՛օրօրուին…
Այս Էջը Կը Նուիրենք
Մեր սիրելի մօր, մեծ մօր՝ Արտեմիս Չորպաճեանին
Լիաբուռն մեզ բաշխած իր գորովին ու սիրոյն կը մնանք միշտ երախտապարտ
Էլի եւ Լուչիա Չորպաճեան,
Րաֆֆի եւ Թամար Չորպաճեան եւ Թոռները