
ԳԱՐԵԳԻՆ ՔՀՆՅ. ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին դարեր շարունակ հաւատքի ու յոյսի որպէս մեծագոյն օրինակ ծառայած է քրիստոնեայ ժողովուրդներուն։ Անոր դերը մեծ եղած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ համար ու անոր հաւատքի զարգացման մէջ եղած է ներշնչում ու աղբիւր հաւատքի ամրութեան։
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածին, ըլլալով Քրիստոսը ծնող ու սնուցանող մարդկային եւ հողեղէն էակ, իր բացարձակ առաքինութեան ու հաւատարմութեան որպէս արդիւնք, նմանցուած է երկնային էակներուն եւ հոգեղէններու դասին ու իր երկինք վերափոխմամբ միացած է անոնց։
Հայ եկեղեցին կը պատրաստուի արժանաւորապէս յիշատակել Աստուածամօր երկինք վերափոխուելու տօնը, որ դասուած է Հայ եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներու շարքին։ Երբ կը խորհրդածենք Սուրբ Աստուածածնի մասին, մեր մտքի հորիզոնը կը կեդրոնանայ Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին մօտ Սուրբ Կոյսին ունեցած ու վայելած արժէքին, որ դարեր շարունակ արժանացած է յատուկ պատիւի, սրբութեան ու աւանդութեան։ Հայ եկեղեցին շատ յստակ համոզում ու անկէ յառաջացող կեցուածք ունի Սուրբ Կոյսին նկատմամբ, որ շաղախուած է հայոց ազգի դարաւոր պատմութեան ու ամէնօրեայ կեանքին։
Սուրբ Աստուածածինը՝ Մայր մայրութեան։ Շարականագիրը կը փառաբանէ Սուրբ Կոյսը միաձայնելով երանելի առաքեալներուն ու սուրբ կոյսերուն ըսելով. «Օրհնեալ ես Ամէնօրհնեալդ ի կանայս» (Օրհնեա՜լ ես, ով կիներուն մէջ ամէնօրհնեալ)։
Սուրբ Աստուածածինը իր մնայուն ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը ունեցած է եւ ունի իւրաքանչիւր հայ եւ հաւատացեալ ընտանիքէ ներս, ըլլալով Մայրը մայրութեան, օրինակն ու բարձրարժէք էակը հայ մայրերուն, պատուոյ ու համբերութեան աղբիւրը հայ մայրերուն ու նաեւ հաւատարմութեան գերօրինակ դաստիարակիչը հայ ընտանիքներուն։ Քրիստոնեայ ընտանիքներ ու մանաւանդ մայրեր, ահաւասիկ քսան դարեր ներշնչուած մնացին Ս. Կոյսի առաքինութիւններէն եւ կրեցին այդ առաքինութիւնները որպէս պսակ իրենց ընտանիքի պատիւին։
Սուրբ Աստուածածինը՝ զԱստուած ծնող ու անարատ Կոյս։ ԶԱստուած ծնիլ կը նշանակէ արժանանալ այնպիսի պատիւի ու օրհնութեան, որուն ոչ ոք գէթ արժանացած է ու պիտի արժանանայ։ Աստուած ընտրեց Սուրբ Կոյսը որպէսզի Իր փրկագործական ծրագիրը լրման հասցնէ։ Փրկութիւնը ի զօրու պիտի դառնար Քրիստոսի մարդեղութեամբ, ուստի այդ Փրկիչը ծնողը անբծութեան մէջ մնաց յաւիտեան, որովհետեւ ան ծնունդ տուաւ անոր, որ անարատ կեանք մը ապրեցաւ ու մեզ հրաւիրեց նոյն կեանքը որդեգրելու։
Սուրբ Կոյս Աստուածածնի անարատ կուսութիւնը հարցման ենթակայ նիւթ մը չէ, այլ շատ յստակ հաւատքի հանգանակ մըն է, որ առաւել ամրութիւն ու հաստատակամութիւն կը պարգեւէ մեր հաւատքին, հանդէպ Աստուծոյ Ամենակարողութեան ու մեր հաւատքի վեհութեան։
Շարականէն առնելով այս հաստատումը, կրնանք եզրակացնել, թէ ինչ է Հայ եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը ու կեցուածքը Սուրբ Աստուածածինին հանդէպ. «Երիս խորհուրդըս սոսկալիս ի քեզ տեսանի Աստուածածին. յղութիւն անսերմնական. ծնունդ անարատ. կուսութիւն յետ ծննդեան մնալով անապական. օրհնութեամբ զքեզ Աստուածածին մեծացուցանեմք»։ (Ո՜վ Սուրբ Աստուածածին, քու մէջդ երեք սոսկալի – սքանչելի- խորհուրդներ կը տեսնուին. անսերմ յղութիւն, անբիծ ծնունդ, եւ ծնունդ տալէ ետք մնալով անաղարտ կուսութեան մէջ. օրհնութեամբ քեզ կը մեծարենք Աստուածածին)։
Հայ շարականները իրենց ծով հարստութեամբ մեծագոյն ազդակն են Հայ եկեղեցւոյ սքանչելի Աստուածաբանութեան, որուն կարեւորութիւնը յոյժ արժէքաւոր է մանաւանդ ներկայ մեր դարուն մէջ, հասկնալու ու արժեւորելու Հայ Եկեղեցւոյ վեհութիւնն ու սրբութիւնը։
Սուրբ Աստուածածինը՝ Բարեխօս։ Բաղդատելով Սուրբ Կոյս Աստուածածինը նախամօր Եւային հետ, կը տեսնենք թէ Աստուածածինը իր անձով, կենցաղով ու կոչումով, մարդկութեան վրայէն հանեց առաջին անհնազանդութեան մեղքը եւ արժանի դարձուց Աստուածահաճոյ կեանքի։ Ինչպէս Քրիստոս Ադամական մեղքէն ձերբազատեց մարդկութիւնը, այնպէս ալ Սուրբ Աստուածածինը որպէս իգական ներկայացուցիչը մարդկութեան, յետս կոչեց Եւայի կողմէ գործուած մեղքն ու անոր արդիւնքները։ Քրիստոնեայ հաւատացեալները այլեւս կեանքի մասին սկսան խօսելու ու ոչ թէ մահուան. կեանք մը, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ Սուրբ Աստուածածնին նկարագիրը։
Սուրբ Կոյսը մարդկութեան համար դարձաւ բարեխօս, Քրիստոս Աստուծոյ մօտ։ Իր երկինք վերափոխումով, Սուրբ Կոյսը իր Որդիին մօտ որպէս բարեխօս կը կանգնի, ինչպէս Կանայի հասանիքին բարեխօսեց Քրիստոսի, որ հնարք մը գտնէ գինիի չգոյութեան եւ ուստի Քրիստոս իր առաջին հրաշքը կատարեց ջուրը գինիի վերածելով (Աւետարան ըստ Յովհաննու 2։1-12)։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, հոյակապ կերպով կը ներբողէ Սուրբ Աստուածածնին, զայն որակելով որպէս Հրեշտակ՝ մարդոցմէ, մարմնատեսիլ Քերովբէ, երկնաւոր Թագուհի, անխառն՝ ինչպէս օդը, մաքուր՝ ինչպէս լոյսը… (Նարեկացի Բան Ձ)։ Նարեկացին կը խնդրէ բարեխօսութիւնը Սուրբ Աստուածածնին, որ ընդունի իր մաղթանքները, աղէրսները, խօսքերն ու պաղատանքները, որպէսզի կարենայ ապրիլ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համար։
Հայ ժողովուրդը յատուկ աւանդութիւն մը վերապահած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, որն է Խաղողի օրհնութեան արարողութիւնը, որ խորհրդանիշն է բերքերու օրհնութեան ու առատութեան։ Սուրբ Աստուածածինը, որպէս պտղատու տունկ, «ո՜վ տունկ կեանքի օրհնուած պտուղին (Նարեկացի Բան Ձ)» ծնունդ տուաւ քաղցրագոյն էակին, որ իր կեանքով իմաստաւորեց համայն մարդկութիւնը ու կոչեց զայն քաղցրացնելու այս աշխարհը, բարի գործերով, սիրով ու խաղաղութեամբ։ Առաւել, խաղողի հիւթուվ կը պատրաստուի գինին, զոր Սուրբ պատարագի ընթացքին կը փոխակերպուի Քրիստոսի սրբարար ու մաքրիչ Արեան, որուն միջոցաւ հաւատացեալները արժանի կը դառնան մեղքերու թողութեան։
Ուստի այսօր, որպէս Հայ եկեղեցւոյ ու ազգի ժառանգորդները, մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է պահել, արժեւորել ու իմաստաւորել մեր աւանդութիւնները, զանոնք չնկատելով ժամանակավրէպ արժէքներ, այլ անոնց միջոցաւ արտայայտել մեր յարգանքն ու նուիրումը մեր դարաւոր հաւատքին հանդէպ, որուն միջոցաւ լուսաւորուեցաւ մեր ազգը ու արժանացաւ օրհնութեան ու յաւերժութեան։
Թող Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման Տօնին առթիւ օրհնութիւն հեղու մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին վրայ, ըլլալու վերանորոգ հաւատքի ջահակիրներ՝ լոյս ու հաւատք սփռելով մեր շրջապատին։