ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին օրեր առաջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնահարցին, նշած է, որ հիմնախնդիրը ունի միայն քաղաքական լուծում:
Այս մասին «Այսօր»ի հետ զրուցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը:
«Վերջին շրջանում անընդհատ շահարկւում էր Ռուսաստանի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ ունեցած դիրքորոշման հնարաւոր փոփոխութիւնը: Այս համատեքստում, Ռուսաստանի նախագահի յայտարարութիւնը առանցքային նշանակութիւն ունի», յայտնած է Բաբայեանը:
Անոր համաձայն, Ռուսիոյ կառուցողական դիրքորոշումը յստակ էր, «ուղղակի որոշ ուժեր անընդհատ փորձում էին այս կամ այն գործընթացը շահարկել՝ ցանկանալով ցոյց տալ, թէ Ռուսաստանի դիրքորոշումը փոփոխութեան է ենթարկուել»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիոյ նախագահը քաղաքական լուծում ըսելով ի՞նչ ըսել կ՛ուզէր՝ Դ. Բաբայեան նշած է. «Այդ ձեւակերպումը կարեւոր մեսիջ էր պարունակում՝ բանակցութիւնների միջոցով խաղաղ կարգաւորում: Իսկ դա նշանակում է՝ բանակցային ձեւաչափի ամբողջական վերականգնում, այսինքն՝ բանակցութիւններին նաեւ Արցախի ներգրաւուում»:
Դ. Բաբայեանի համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ երկու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ յուշագիրի ստորագրութեան ընթացքին յս-տակ կ՛երեւէր Ատրպէյճանի իսկական վերաբերմունքը Ռուսիոյ նկատմամբ (յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացնելով՝ հաղորդավարը, իբր թէ սխալելով, անոր հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւն ունեցած է):
«Ադրբեջանն ամէն կերպ ի ցոյց է դնում իր անտաշութիւնը նոյնիսկ նման մակարդակի հանդիպումների ժամանակ՝ ցոյց տալով իր իրական դէմքը», նշած է Դաւիթ Բաբայեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.