Պ. ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Մոնթրոզը հատող Հոնոլուլու պողոտային վրայ գտնուող Հայ կեդրոնը, նոյն պողոտային վրայ բարձրացող մեր բնակարանէն հազիւ հարիւր մեթր հեռաւորութեամբ, ամենատես մեր աչքերուն առջեւ աշխուժօրէն կը գործէ տասնամեակներէ ի վեր: Լուսաւոր բակով, մեծղի լողաւազանով, օդաւէտ գրասենեակներով ու կեդրոնական գեղեցիկ սրահով օժտուած կառոյց մը, որ վստահ ենք նախանձը կը շարժէ շրջանի օտար բնակիչներուն եւ միեւնոյն ատեն հպարտութեան զգացումներով կը համակէ «Վարդալեռ»ի եւ շրջանի հայութեան սրտերը:
Հայատրոփ այդ յարկին տակ, կուսակցական, մշակութային ու մարզական աշխատանքներու առընթեր, «Զաւարեան» կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ, վեց տարիներէ ի վեր անխափան կը գործէ «Զաւարեան» ճամբարը, որ իր տաքուկ գիրկին մէջ կը պատսպարէ 5էն 14 տարեկան կարեւոր թիւով հայ մանուկներ: Այս ամառ, առաջին անգամ ըլլալով, մեզի ալ բախտ վիճակուեցաւ ուղղակիօրէն առնչուելու «Զաւարեան քեմբ»ի հայաշունչ մթնոլորտին եւ հոն տարուող ազգանուէր գործունէութեան հետ, երբ մեր վեց տարու թոռնիկը՝ Լիլին, սկսաւ մասնակցելու ճամբարի առօրեայ գործունէութեան:
Մինչեւ մարդ անձամբ չառնչուի ազգային որեւէ կազմակերպութեան հովանիին տակ գործող ուսման օճախին, մարզական միութեան, աղօթատեղիին, կամ հայկական ճամբարի գործունէութեան հետ, յստակ պատկերացում ու գաղափար չի կրնար կազմել անոնց ընձեռած օգտակար ծառայութեան մասին, որ այս պարագային՝ հայկականութեամբ կոփել է ամերիկեան հալոցի մէջ իր ինքնութիւնը փնտռող նորահաս սերունդի ամէն տարիքի անդամներուն էութիւնը:
Խօսելով ՀՅԴի հովանաւորութեան տակ գործող ամառնային ճամբարներու մատուցած նախախնամական անկրկնելի ծառայութեան ու դերին մասին՝ մեր անմիջական շրջապատէն չորրորդ սերունդի պատկանող ամերիկահայ երիտասարդի մը օրինակը աւելի քան խօսուն է: Արդարեւ, յաճախ ականջալուր եղած ենք «Իսթ Քոսթ»ի ծնունդ հայորդիի կեանքին մէջ այն նախախնամական դերակատարութեան, զոր ամէն ամառ անոր յաճախած «Քեմբ Հայաստան»ը ունեցած է՝ ամրացնելով անոր պորտակապը հայութեան հետ: Տակաւին, տարիներ ետք ան իր յարաբերութիւնները անխախտ կը պահէ ճամբարին մէջ հանդիպած հայ ընկերներուն հետ, եւ տարին անգամ մը, անոնք Ամերիկայի չորս անկիւններէն շաբաթով մը իրարու քով կու գան՝ «Քեմբ Հայաստան»ի հայատրոփ մթնոլորտին մէջ ծաղկած բարեկամական իրենց կապերը ամրացնելու եւ իրարու յաջողութիւններով խանդավառուելու:
Վերադառնալով մեր հարեւանութեամբ գործող «Զաւարեան» ճամբարի գործունէութեան եւ ամէն տարիքի մասնակիցներուն վրայ անոր թողած դրական տպաւորութեան՝ Լիլին հետեւեալ բառերով արտայայտեց վեց տարու աղջնակի իր անեղծ տպաւորութիւնները.
«Ամառնային դպրոցը, զոր յաճախեցի, կ՛ատէի, քանի որ հոն կը զզուէի, բայց «Զաւարեան քեմբ»ը շատ կը սիրեմ. գալ տարի կ՛ուզեմ նորէն մասնակցիլ…»:
Հիները խօսք մը ունին՝ ճշմարտութիւնը մանուկի բերանէն լսելու մասին: Արդարեւ, Մոնթրոզի «Զաւարեան» ճամբարը եւս, ամէնուրեք գործող նոյնանման հայկական «քեմփ»երու նման, յաջողած է օգտակարն ու հաճելին միաձուլելով նորահաս հայ սերունդին մատչելի եւ հետաքրքրական դարձնել ճամբարի գաղափարը:
Ամերիկայի դժուարին պայմաններուն տակ, յաճախ կը պատահի, որ երիտասարդ ընտանիքի մը ծնողքը ստիպուած ըլլայ աշխատելու ու տունը մնացած անչափահասները ճամբար կամ ամառնային դպրոց ղրկելու: Ասոր վրայ աւելցուցէ՛ք հայերէն լեզուով անոնց սորված երգերն ու խաղացած մանկական թատրոնը, որոնց ականատես վկաները հանդիսացանք ճամբարի ամավերջի հանդէսին՝ մեր անուշիկ մանուկներուն շրթներէն ըմպելով հայերէն երգեր ու արտասանութիւններ, առանց մոռնալու մեզի հրամցուած հայկական պարերը:
Մէկ խօսքով՝ զուտ հայկական մթնոլորտ, զոր անձնազոհ անոնց ուսուցչուհիները յաջողած էին ամբողջ ճամբարի տեւողութեան պահպանել եւ իրենց խնամքին յանձնուած հայ մանուկներուն հոգիին դրոշմել, առանց արուեստականութեան: Ամէն շնորհաւորանքի արժանի են «Զաւարեան» կոմիտէութեան առընթեր գործող ճամբարի հիմնադիր ընկեր-ընկերուհիները ու այդ անուշ բեռը մինչեւ օրս իրենց ուսերուն յօժարակամ կրողները: Բազմաթիւ կամաւոր ծառայողներու կողքին, այստեղ կ՛ուզենք մասնաւորապէս յիշել Մայք եւ Նորա Քէլէշեանները ու Յակոբ եւ Արփի Տապպաղեանները, որոնց անսահման նուիրումին կը պարտինք «Զաւարեան» ճամբարի յաղթական արշաւը: