Երեք շաբաթներուն ընթացքին, Վանքուվըրի Հայ կեդրոնը լեցուն էր 60է աւելի պատանիներով եւ երիտասարդներով, որոնք այդ ժամանակամիջոցին կը մասնակցէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Վանքուվըրի Հայ կեդրոնէն ներս գործող միութիւններուն կողմէ կազմակերպուած «Սասուն» ամառնային երգի եւ պարի 7րդ ճամբարին։
Այս տարի ճամբարը ունեցաւ իր նոր «լօկօ»ն պատրաստուած Անայիս Պասմաճեանի կողմէ։
Ճամբար յաճախող վանքուվըրահայ երեխաները այդ երեք շաբաթներուն ընթացքին ծանօթացան հայոց պատմութեան, ըմբոշխնեցին կրօնքի դասեր եւ մեծ հաճոյքով սորվեցան հայկական պարեր ու հայերէն երգեր։
Իսկ Կիրակի, 28 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Ռիչմընտի «Կէյթուէյ» հանդիսասրահին մէջ, «Սասուն» ճամբարի երեխաները յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին վանքուվըրահայերուն հրամցուցին տասէ աւելի հայկական պարեր եւ հայկական շարականներ ու երգեր։ Հանդիսութեան աւարտին, ճամբարի յանձնախումբի անունով Մեղրիկ Ջաբանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Թորոնթոյէն հրաւիրուած պարուսոյց Լոռի Նաճարեանին եւ իր օգնականներուն՝ Արթիւր Արթինեանին, Լիա Տէրտէրեանին, Մոնիքա Մարտիրոսեանին, Հայկ Յարութիւնեանին եւ երաժտութեան եւ երգի պատասխանատու Թալին Գըլըպոզեանին, որոնք խումբ մը կամաւոր օգնականերու հետ երեք շաբթուան ընթացքին կրցած էին բծախնդրութեամբ վարել ճամբարը եւ եզրափակիչ ելոյթով հրապուրել ներկաները։
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Վանքուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ հայր Հրանդ Թահանեանը, որ ներկաներուն հաճելի դրուագներ փոխանցեց ճամբարի կեանքէն, ապա՝ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան շնորհաւորելով մասնակիցները պատասխանատուները եւ ծնողները՝ իրենց զողոհութեան եւ նուիրումին համար, Պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.