
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 12 Օգոստոսին Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Էմին Ժեմայէլը:
Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներու փոխանակման Միջին Արեւելքը ու Լիբանանը յուզող հարցերու գծով: Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ մանաւանդ Սուրիոյ կացութիւնը ու քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: