ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին: Զրոյցին ընթացքին, Ռուհանի շեշտած է, որ պէտք է շրջանի բոլոր կողմերը իրենց աշխատանքները համակարգեն՝ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:
Էրտողան շնորհաւորած է Ռուհանին՝ նախագահութեան ստանձնման առիթով, եւ յոյս յայտնած է, որ «մօտ օրէն» Թեհրան կ՛այցելէ: Ան նաեւ կոչ ըրած է «Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու»:
Նշենք, որ Ռուհանիի երդման արարողութեան ներկայ գտնուած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.