ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի նախագահութիւնը յայտարարեց, որ «Իսլամ եղբայրներ»ուն հետ տագնապը լուծելու նպատակով միջազգային միջնորդական ջանքերը ձախողած են՝ նշելով, որ «նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի հեռացումէն ետք, բանակին կազմած փոխանցման կառավարութիւնը «Իսլամ եղբայրներ»ը պատասխանատու կը նկատէ այս ջանքերուն ձախողութեան»:
Քաղաքական աղբիւրներ մտահոգութիւն կը յայտնեն այն մասին, թէ այս յայտարարութիւնը կրնայ նոր արիւանհեղութեան առջեւ դուռ բանալ, երբ փորձեր կատարուին ցրուելու Մուրսիի ի նպաստ նստացոյցերը, որոնք հաւանաբար սկսին իսլամական «Ֆըթըր» տօնի աւարտէն ետք, այսինքն՝ Երկուշաբթի օր:
Եգիպտոսի նախագահութեան մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Ճարիտա» թերթին յայտնած է, թէ միջազգային միջնորդութիւնը ձախողած է, որովհետեւ «Իսլամ եղբայրներ»ը իրենց բոլոր ղեկավարներուն համար Եգիպտոսէն ապահով ելք եւ Մուրսիի համար՝ «պատուաւոր լուծում» մը կը պահանջեն, ինչ որ նախագահութեան համար ընդունելի չէ:
Ըստ բրիտանական «Թայմզ» թերթին՝ Սէուտական Արաբիա կրնայ Մուրսիի համար ապաստան տրամադրել:
Նաեւ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի մամլոյ խորհրդական Ահմետ Մուսլումանի դատապարտեց եւ Եգիպտոսի ներքին գործերուն միջամտութիւն նկատեց ամերիկացի ծերակուտակ Ճան ՄըքՔէյնի այն յայտարարութիւնը, թէ Գահիրէ պէտք է ազատ արձակէ «Իսլամ եղբայրներ»ու ղեկավարները, յարգէ մարդկային իրաւունքները եւ պաշտպանէ խաղաղ ցոյցեր կատարելու իրաւունքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.