ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Յունուար–Մայիս 2013ին Թուրքիա գացած Հայաստանի քաղաքացիներուն թիւը եղած է 26,569 հոգի:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն «Նի-ուզ»ին յայտնած են, որ այս տարուան Յունուար-Մայիս ամիսներուն Թուրքիա մեկնած հայաստանցիներուն թիւը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 3.6 տոկոսով կամ 921ով:
Միայն այս տարուան Յունիսին Թուրքիա այցելած է 6068 հայաստանցի, ինչ որ Յունիս 2012ի թիւէն 2.64 տոկոս աւելի է: Նախորդ տարուան Յունիսին Թուրքիա այցելած է 5912 հայաստանցի:
Նշենք, որ 2012ին Թուրքիա այցելած հայաստանցիներուն թիւը կազմած է 70,956:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.