
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը նախատեսէ առաջին եւրապարտատոմսերու հրապարակումը:
Ելեւմուտքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ 8 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին հաստատուած է ելեւմուտքի նախարար Դաւիթ Սարգսեանի ներկայացուցած որոշման նախագիծը՝ «Եւրապարտատոմսեր թողարկելու նպատակով գլխաւոր տեղաբաշխողների հետ պայմանագիր կնքելու մասին»: Որպէս գլխաւոր տեղաբաշխող ընտրուած են երեք հեղինակաւոր ընկերութիւններ՝ «Deutsche Bank AG, London Branch»ը, «HSBC Bank plc»ը եւ «J. P. Morgan Securities plc»ը: