ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի քաղաքապետարանէն կը յայտնեն, որ 1 Յուլիսէն սկսեալ վարչական շրջաններուն մէջ մեկնարկած են եւ կը շարունակուին ամառնային բակային ճամբարները: Այս ծրագիրին նպատակն է մայրաքաղաքին մէջ ամառնային արձակուրդ անցնող մանուկներուն առօրեան առաւել հետաքրքրական, բովանդակալից ու լիարժէք դարձնել։
Ծրագիրի ծիրին մէջ երեխաները կը մասնակցին մշակութային եւ մարզական տարաբնոյթ ձեռնարկներու եւ մրցումներու: Ճամբարային առօրեային ընթացքին երեխաներուն համար կը կազմակերպուին անվճար պտոյտներ Կենդանաբանական այգի եւ թանգարաններ, նաեւ այցելութիւններ պատմամշակութային վայրեր:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան բաժինի պետ Իդա Խաչատրեան յայտնած է, որ ծրագիրի սկսելէն մինչեւ օրս բակային ճամբարներուն մասնակցած է տարբեր տարիքային խումբերու աւելի քան 10 հազար երեխայ:
Ձեռնարկներու ծրագիրը պատրաստելու ատեն նկատի առնուած են նաեւ ծնողներուն ու երեխաներուն առաջարկները:
Մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուող բակային ճամբարները պիտի շարունակուին մինչեւ նոր ուսումնական տարուան վերամուտը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.