ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Յոնաս Հոլանտեր անունով ստորագրող մը «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ անգլերէն գրութեամբ դիմած է Ատրպէյճանին եւ իր հիասթափութիւնը, աւելին՝ վիրաւորանքը յայտնած է, որ իր անունը ընդգրկուած չէ այս երկրի սեւ ցանկին վրայ, ուր Լեռնային Ղարաբաղ այցելած օտարներուն անունները ներառուած են:
Ապացուցելու համար, որ ինք լիովին արժանի է այդ ցանկին մէջ ըլլալու՝ Հոլանտեր գրութեան կցած է նախորդ տարուան Օգոստոս-Սեպտեմբերի իր արցախեան վիզային լուսանկարը:
Նշենք, որ ընկերային ցանցին վրայ յատուկ խումբ ստեղծուած է եւ անիկա կը կոչուի «Մենք այցելած ենք Արցախ՝ առանց «թոյլտուութեան»։ Էջի նկարագրութեան մէջ նշուած է, որ անիկա ստեղծուած է Արցախին աջակցելու նպատակով եւ ուղերձ է Ատրպէյճանին այն մասին, որ Արցախ այցելած եւ այցելել պատրաստուող մարդոց երբեք չեն մտահոգեր Պաքուի սպառնալիքները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.