
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց վիճակի յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ, երկու առիթներով (երեքական շաբաթներու վրայ երկարող) կայացած են «Ռոզի ճամբար»ներ, որոնց նպատակն է գործարարական ու ղեկավարման մարզերու մասին կենսական գիտելիքներ փոխանցել 12էն 18 տարեկանի միջեւ պարմանուհիներու եւ երիտասարդուհիներու:
Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց վիճակի յանձնաժողովը այս ճամբարները իրականացնելու նպատակով կը գործակցի շարք մը կազմակերպութեանց եւ քաղաքի այլ բաժանմունքներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ շնորհել լաւագոյն դաստիարակութիւնը, որուն շնորհիւ՝ մասնակցող պարմանուհիներն ու երիտասարդուհիները պիտի կարենան իրենց անձնական կեանքին, կրթութեան, նիւթական հարցերու եւ ասպարէզի ընտրութեան ընթացքին լաւագոյն որոշումները տալ:
Այս տարուան երկրորդ «Ռոզի ճամբար»ին ընթացքին, Կլենտէյլ քաղաքի յանձնակատարներ Սեդա Խոճայեան եւ Փօլա Տըվայն այցելեցին պարմանուհիներուն եւ երիտասարդուհիներուն՝ խորհրդակցութիւններ ունենալով անոնց հետ:
Յատկանշական է, որ «Ռոզի ճամբար»ի երրորդ շաբթուան 22 մասնակիցներէն տասն հայորդիներ էին:
Սոյն նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-2000 թիւին կամ women@ci.glendale.ca.us հասցէին: