ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայկական դեղ արտադրող ընկերութիւնները կ՛ընդլայնեն իրենց ներկայութիւնը միջինասիական երկրների շուկաներում», հաստատած է Հայաստանի արդիւնաբերութեան զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Հայկ Միրզոյեանը:
Ան նշած է, որ միջինասիական շուկաներուն մէջ հայկական դեղագործական արտադրութեան յառաջխաղացքին պիտի նպաստէ Յուլիս 21-27 Երեւանի մէջ կազմակերպուած դեղագործական գիտագործնական համագումարը, որուն մասնակցած են Իւզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի 20է աւելի առաջատար բժիշկներ, դեղերու ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միրզոյեանի համաձայն, համագումարին ընթացքին անոնք մանրամասնութեամբ ծանօթացած են հայկական դեղեր արտադրողներուն շուկայ իջեցուցած տեսականիին, այցելած են «Լիկվոր» եւ «Արփիմեդ» դեղագործական ընկերութիւններ:
«Պետութիւնը միջոցառման կազմակերպման գործում մասնաւոր հատուածին աջակցեց այն պայմանով, որ օժանդակութիւն ստացած ընկերութիւնները պարտաւորուեն արտահանման տարեկան կտրուածքով 15-20 տոկոս աճ ապահովել: Արդիւնքում հիւրերն իրենց հետ տարան ոչ միայն տեղեկատուութիւն, այլեւ ձեռք բերեցին Ուզբեկստան եւ Տաջիկստան հայկական դեղերի արտահանման մասին նախնական պայմանաւորուածութիւններ», նշած է Հայաստանի արդիւնաբերութեան զարգացման հիմնադրամի տնօրէնը:
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, 2013ի առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 2 միլիառ 435.5 միլիոն դրամի դեղագործական արտադրանք, կամ 32.9 տոկոսով աւելի, քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին: Արտածումը կազմած է 2 միլիառ 976.3 միլիոն դրամ՝ 2.5 տոկոսով աւելի նախորդ տարիէն:
Նախորդ տարի Հայաստանի մէջ դեղերու արտադրութեան արտօնագիր ունեցող 15 ձեռնարկութիւններուն մէջ աշխատած է 561 մարդ (աճը՝ 8.9 տոկոս):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.