ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Բանակին կողմէ պաշտօնէն հեռացուած Եգիպտոսի նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի համակիրները, հակառակ անցնող շաբաթավերջին արձանագրուած տասնեակներով զոհերուն, Երկուշաբթի, Յուլիս 29ին յայտարարեցին, թէ պիտի շարունակեն իրենց ցոյցերը՝ մինչ բանակը կը սպառնար ուժի դիմել, բոլոր նստացոյցերը ցրուելու նպատակով:
Կառավարութիւնը նաեւ հերքեց, թէ ապահովական ուժերը Շաբաթ օր ցուցարարներուն դէմ իսկական փամփուշտներ օգտագործած են՝ պնդելով, թէ միայն արցունքաբեր կազ օգտագործուած է: Շաբաթ օրուան ցոյցերուն ընթացքին սպաննուած էր առնուազն 80 հոգի, մեծամասնութեամբ՝ Մուրսիի համակիրներէն: Ըստ Մուրսիի համակիրներուն՝ սպաննուած է 100էն 200 հոգի։ «Ազհար»ի շէյխը կոչ ուղղեց հետաքննութիւն կատարելու, իսկ Եգիպտոսի փոխնախագահ Մուհամմատ Պարատէյ ընդունեց, որ անհամաչափ ուժ կիրարկուած է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի դատապարտեց բռնարարքները եւ եգիպտական իշխանութեանց կոչ ուղղեց՝ «խաղաղ հաւաքներ կատարելու եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը յարգելու»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.