
ՎԵՆ ՆԱՅՍ.- Երեքշաբթի, Յուլիս 23ին արտակարգ ընտրութուններ տեղի պիտի ունենան Լոս Անճելըս քաղաքի վեցերորդ ընտրաշրջանին մէջ, որուն սահմաններէն ներս կ՛իյնան Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Փանորամա եւ Լէյք Պալպօուա շրջանները, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Հոլիվուտէն, Սան Վելիէն, Արլեթայէն ու Վեն Նայսէն տարածքներ:
Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի սոյն ընտրութեանց ընթացքին նեցուկ կանգնիլ Սինտի Մոնթանիէզի ընտրապայքարին:
Սինտի Մոնթանիէզ նախապէս եղած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ:
«Սինտի Մոնթանիէզ լաւագոյն թեկնածուն է սոյն ընտրապայքարին եւ կարողութիւնն ունի վեցերորդ ընտրատարածքէն ներս ապրող տարբեր համայնքները ի մի բերելու՝ լուծելու համար շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները», կը յայտնէ Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Լեւոն Պարոնեան:
«Մօտաւորապէս 25,000 հայեր կ՛ապրին վեցերորդ ընտրատարածքի սահմաններէն ներս, իսկ ամբողջ Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ հայերուն թիւը 100,000ի կը հասնի: Այս պատճառով, յոյժ կարեւոր էր Հայ Դատի յանձնախումբին համար ընտրել այնպիսի թեկնածու մը, որ հայութիւնը յուզող հարցերուն եւ առաջնահերթութեանց ծանօթ է ու կրնայ հասնիլ անոր կարիքներուն: Այս պատճառով է, որ որոշեցինք նեցուկ կանգնիլ Սինտի Մոնթանիէզի ընտրապայքարին», կ՛աւելցնէ ան:
Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայկական համայնքի երկարամեայ ղեկավարներէն Աւօ Օվայեան կը յայտնէ, թէ Թոնի Քարտենասի թափուր աթոռը լեցնելու նպատակով կայանալիք սոյն ընտրութեանց մասնակցող երկու թեկնածներուն հետ խորհրդակցութիւններ ունենալէ ետք, որոշուած է նեցուկ կանգնիլ այն թեկնածուին, որ յաւելեալ երաշխիքներ տուած է, թէ ինք պատրաստ պիտի ըլլայ ամերիկահայութեան կարիքներուն գոհացում տալու:
Յայտնենք, թէ Թոնի Քարտենաս հրաժարեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդէն, երբ անցեալ Նոյեմբերին ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ:
Սինտի Մոնթանիէզի ընտրապայքարը յաղթանակով աւարտելու նպատակով, Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբէն կամաւորներ հանդիպումներ ունեցած են համայնքի անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային կապ հաստատած են անոնց հետ՝ բացատրելով Մոնթանիէզի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու որոշումին ծալքերը: Նաեւ, թեկնածուին ի նպաստ դրամահաւաք կատարուած է համայնքէն ներս: Կամաւոր այս աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են ուսանողներէ սկսեալ մինչեւ հանգստեան կոչուած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ գործարարներ ու նոյնիսկ՝ ատամնաբոյժ մը:
«Չափազանց զբաղ առօրեայ մը ունիմ, սակայն երբ Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբէն դիմում մը ստացայ՝ կամաւոր աշխատանք տանելու համար Սինտիի ընտրապայքարին համար, չկրցայ մերժել, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ան իսկապէս պիտի կարենայ բարեփոխել կացութիւնը», կը յայտնէ տոքթ. Լիսա Պարոնեան՝ վերոյիշեալ ատամնաբոյժը:
Արեւելեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Լոս Անճելըսի վեցերորդ ընտրատարածքին վրայ ապրող հայորդիներուն, որ Յուլիս 23ին իրենց քուէն տան Սինտի Մոնթանիէզին, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ հայութեան քուէն կրնայ որոշիչ դերակատարութիւն ունենալ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ այցելել www.ancavalley.org կայքը: