ԼԱՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, Յուլիս 12ի յետմիջօրէին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի վարչութեան նորընտիր ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեանի այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սարգիս Գոթանճեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը։
Հանդիպումը կ՛իյնար նորընտիր ատենապետին՝ հայկական յարանուանութեանց ու միութեանց տրուելիք պաշտօնական այցելութիւններու ծիրին մէջ։ Սրբազանը շնորհաւորեց Ա. Պաղտասարեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր իր նոր առաքելութեան մէջ, միաժամանակ վեր առնելով անոր ծառայութիւններն ու նուիրաբերումը՝ սկսած Լիբանանէն մինչեւ Արեւմտեան թեմ։
Ռիմա Պօղոսեան, իր կարգին շնորհաւորելով հիմնադրամի նորընտիր նախագահը՝ դրուատիքով արտայայտուեցաւ անոր նուիրաբերումներուն ու յատկապէս վերջին շրջանին ՀՕՄին մատուցած անոր նուիրաբերումներուն մասին։
Խորհրդակցութիւն եւ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ հիմնադրամի ծրագիրներուն եւ հայութեան կեանքը յուզող անմիջական հարցերուն մասին։
Անդրանիկ Պաղտասարեան խօսեցաւ հիմնադրամի անմիջական ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին է տարեկան «Թելեթոն»ը, որուն գծով աշխատանքները կը սկսին շուտով։
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդ սրբազանը յարգելի հիւրերուն նուիրեց Ազգ. առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութիւններէն՝ Կարօ Պետրոսեանի «Հայեցի Կրթութիւն Եւ Ճանապահ» եւ «Հայց. Եկեղեցւոյ Տօներ Ու Աւանդութիւններ» հատորներէն օրինակներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.